«Հայաստան. Ստեղծենք Միասին». Իբրեւ Սփիւռքահայ` Երազանքս Է Օգտակար Ըլլալ Հայաստանին

Յուշիկ Գայմագամեան կ’ուսանի Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի Քաղաքագիտութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ բաժանմունքին մէջ: Այժմ Հայաստան կը գտնուի ՀԲԸՄ-ի «Երեւանեան ամառնային  ծրագիրի ծիրէն ներս, որ կ’իրականացնէ ՀՀ սփիւռքի եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն մէջ:

Յուշիկ կը մասնակցի նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներու հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Հայաստան. ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքին:

Խօսելով մասնագիտական ընտրութեան մասին` Յուշիկ ըսաւ, որ    դիւանագիտական ոլորտը միշտ հետաքրքրած է զինք, յատկապէս, որ Մերձաւոր Արեւելքի նման հակամարտութիւններու կեդրոնին մէջ գտնուող տարածաշրջանին մէջ կ’ապրի: «Կը փափաքիմ ապագային կայացած եւ ճանչցուած դիւանագէտ դառնալ, որպէսզի կարենամ հայ ժողովուրդի  շահերը պաշտպանել եւ աշխատանքիս շնորհիւ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման  եւ Հայ դատի հարցը առաջ տանիլ` հասնելով բոլորիս բաղձալի երազանքի իրականացման»,-«Հայերն այսօր»-ի  հետ զրոյցին նշեց Յուշիկ Գայմագամեան եւ աւելցուց, որ, իբրեւ սփիւռքահայ, իր երազանքն է Հայաստանին օգտակար ըլլալ. Կը կարծէ` ընտրած մասնագիտութիւնը իր առջեւ այդ հորիզոնը կը բանայ:

Ապագայ դիւանագէտը, խօսելով Ապրիլ 2-5 ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն մասին, իր դիրքորոշումը արտայայտեց. «Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ այս հարցը դիւանագիտական խաղաղ ճանապարհով  անհրաժեշտ է լուծել, բայց Ատրպէյճանը անպայման պէտք է իր կատարած անօրինութիւններուն համար պատասխան տայ: Իսկ մենք, իբրեւ հայ ուսանողներ, համալսարանին մէջ մեր ջանքերով ստեղծուած «Հայկական ակումբ»-էն ներս Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրավիճակին մասին իրազեկեցինք մեր օտարազգի ընկերներուն`այդպիսով միջազգային հարթակներուն նոյնպէս լսելի դարձնելով ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններուն մասին: Տեղեկատուական տեսահոլովակներ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր ցուցադրեցինք համալսարանին մէջ, որոնք մեծ տարածում եւ արձագանք գտան»:

Աւելցնենք նաեւ, որ Յուշիկը կարեւոր կը համարէ այս համաժողովի կազմակերպումը, քանի որ յոյս ունի կապեր հաստատել աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներուն հետ եւ յետագայ  համագործակցութեան ուղիներ որոնել:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up