«Աշխարհով Մէկ Սփռուած Բոլոր Հայորդիները Պէտք Է Մէկ Մեծ Ընտանիք Դառնան». Սոնա Ասրեան
Օրերս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցան Հոլանտայէն ժամանած «Գլաձոր» երիտասարդական կազմակերպութեան մասնակիցները: Իմ զրոյցս երիտասարդ հայերու ու հայուհիներու հետ յուզիչ տեսարան մըն էր` արցունքներով լճացած հայկական գեղեցիկ աչքեր, տպաւորութիւններու հեղեղ, անթաքոյց ոգեւորութիւն, հիացմունք, մօտալուտ բաժանման թախիծ եւ անսահման կարօտ….
Երիտասարդական միութեան կազմին մէջ Հոլանտայի տարբեր քաղաքներէ ընդգրկուած երիտասարդ հայորդիներէն շատերը, առաջին անգամ գտնուելով Հայաստանի մէջ, հիացած կը պատմէին իրենց տպաւորութիւններուն մասին, իսկ անոնք, որոնք անցեալին եկած էին Հայաստան, կը խօսէին անճանաչելիօրէն փոխուած, գեղեցկացած Երեւանի մասին: Երիտասարդական միութեան ղեկավար Սոնա Ասրեան, տարիներ առաջ մասնակցելով նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին, ճանչցած է Հայրենիքը աւելի մօտիկէն եւ վերադառնալով Հոլանտա` ընկերներուն պատմած իր տեսածին ու զգացածին մասին:
Հոլանտահայ երիտասարդները այս օրերուն սեփական աչքերով տեսան այն սքանչելիքը, որ կը կոչուի Հայաստան:
Սոնա Ասրեան-մենք այցելած ենք Տաթեւ, Նորավանք, Էջմիածին, շատ զբօսնած Երեւանի մէջ, պիտի երթանք Սեւան: Տեսարժան վայրերով հիացած` չեմ կրնար չըսել հայկական ջերմութեան մասին. մարդիկ շատ բարի են, հարազատի նման: Այստեղ ամէն ինչ սքանչելի է` օդը, ջուրը, արեւը, մարդիկ, քաղաքը, տեսարժան վայրերը:
Պարեթ Գալաճեան– Հայ ժողովուրդը ամենամեծ սքանչելիքն է, շատ տպաւորուած եմ ամէն ինչէն: Աշխարհի մէջ որեւէ այլ տեղ այսպիսի ժողովուրդ հաստատ չկայ: Երեւանը շատ գեղեցիկ քաղաք է:
Մասիս Սաֆարեան-առաջին անգամ կու գամ Հայաստան, հիացած եմ տեսարժան վայրերով, պատմամշակութային յուշարձաններով. հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ: Չմոռնամ ըսելու , որ հայ աղջիկիները շատ գեղեցիկ են:
Հիլտա Տոմանեան-երբ ոտք դրի հայկական հողին, անձս աւելի ուժեղ ու հպարտ զգացի: Ըսի, որ ես մէկ հատիկ անուշ Հայրենիք ունիմ: Հրաշալի է, երբ շուրջ բոլորդ հայերէն կը խօսին. տեսայ շատ հայերու ու լսեցի հարազատ մայրենին: Շատ սիրեցի իմ սիրուն Հայրենիքս, Երեւանս:
Յովհաննէս Տշաւուրեան– Երբ օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւան, երբ առաջին անգամ ոտքս դպաւ Հայրենիքիս հողին, առաջին հրաշքը իմ աչքերուս առջեւ ցոլացող փառահեղ Մասիսը եղաւ. սիրտս սկսաւ արագ բաբախել:Հայաստանն ու հայերը ինծի համար շատ թանկ են: Եղբայութիւնը հայերու մէջ է:
Քրիստինէ Ափրի-Հայաստանի բնութիւնը, օդը, յատկապէս ջուրը, աշխարհի ոչ մէկ երկիր հաստատ չունի: Շուրջ բոլորս կը խօսին հայերէն լեզուով, եւ ես անձս շատ կարեւոր , ուժեղ մարդ կը զգամ այստեղ:
Կարին– Ամէն ինչով հիացած եմ, ինծի համար կարեւորն այն է, որ Հայրենիք ունիմ:
…Մեր զրոյցը ծաւալեցաւ երիտասարդութեան, աշխարհի եւ Հայաստանի ապագայի մտորումներու, «Գլաձոր» երիտասարդական միութեան կազմակերպած ձեռնարկներուն շուրջ: Սոնան պատմեց, թէ ինչքան շատ կը սիրեն հայ բանաստեղծները, առաւելապէս` Պարոյր Սեւակը, որուն նուիրուած հրաշալի ձեռնարկ մը կազմակերպուած է, ասմունքած է Սեւակի գործերէն, ըսաւ նաեւ, որ իրենք ունին «Բանաստեղծութեան օր» խորագիրը կրող եւ շարունակական ընթացք ունեցող, երիտասարդներուն կողմէ շատ սիրուած ձեռնարկը մը, որուն ծիրէն ներս հայորդիները կը ծանօթանան մեր դասական գրողներուն, մեր մեծերուն:
<<Մենք յաճախակի նաեւ ցերեկոյթներ, խնճոյքներ կը կազմակերպենք` իրար լաւ ճանչնալու, աւելի մօտիկէն շփուելու մեր հայրենակիցներուն հետ. եւ , ի վերջոյ, երիտասարդները պէտք է նաեւ լիցքաթափուին առօրեայէն, պարեն , երգեն , ուրախանան: Այդ ձեռնարկներու ժամանակ է ,որ կը խօսինք Հայաստանի իրադարձութիւններուն մասին, որոշումներ կը կայացնենք: Նման որոշման մը արդիւնք էր մեր այցելութիւնը Հայաստան ապրիլեան օրերուն, երբ Արցախի դէմ պատերազմական գործողութիւններ սանձազերծեցին +արարողութիւններուն` ջահերով երթին մասնակցեցանք Ապրիլ 24-ին, իսկ Ապրիլ 24-ին ծաղիկներ տեղադրեցինք անմար կրակին մօտ: Մենք շատոնց նախապատրաստուած էինք, որոշում կայացուցած, որ Հայոց եղեռնի 101-րդ տարելիցին ըլլանք Երեւանի մէջ, եւ ատիկա եղաւ: Կը կարծեմ, որ մեր այցելութիւնները շարունակական կ’ըլլան, որովհետեւ դեռ շատ երիտասարդներ կան , որոնք չեն տեսած Հայաստան>>,-կ’ըսէ Սոնան ու կ’աւելցնէ, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայորդիները մէկ մեծ ընտանիք պէտք է դառնան, համագործակցին, քանի որ ապագան երիտասարդներու ձեռքերուն մէջ է:
Կարինէ Աւագեան