Անբացատրելի՛ Է ՄԱՅՐ-ԷՈՒԹԵԱՆ Արարչաստեղծ Խորհուրդը
«Մա՛յրս, դու իմ միակն էիր, ինչպէս` Հայաստանս…»
Համօ Սահեան
Ձօն` Հայոց Մայրերուն
Որքան ալ յարատեւէ Երկիր–մոլորակը եւ աշխարհ գան հանճարեղ բանաստեղծներ ու երգահաններ, նկարիչներ ու քանդակագործներ, միեւնո՛յնն է, մօր մասին չէ՛ գրուած ու պիտի չգրուի, չէ՛ երգուած ու պիտի չերգուի, չէ՛ քանդակուած կատարեալն ու ամենաանթերին, քանզի անբացատրելի է մայր-էութեան արարչաստեղծ խորհուրդը:
…Ո՜վ, Հայո՛ց մայրեր…բացառիկ` ձեր ընտանեսէր, ընտանեշէն, զաւակապաշտ, Աստուածասէր, հայրենապաշտ էութեամբ, կը հաստատէք այն միտքը, որ Հայուհի՛ն երկնած է Յիսուսին, որ ձեզմէ՛ սերած են ազգերն աշխարհի, որ ձեր արգանդն է Սուրբ տաճարը Հայոց, որ ձեր ձեռքե՛րն են սիւները երկրիս, որ ձեր սրտերու զարկե՛րն են ղօղանջները հայկական եկեղեցիներու, որ ձեր աղօթքնե՛րն են պահապանները Հայրենեաց հողի: Ո՜վ, Հայո՛ց մայրեր, աշխարհի կանանց մէջ բացառիկնե՛րն էք ձեր գեղեցկութեամբ ու ձեր շնորհներով, ձեր գթասրտութեամբ ու ձեր նազանքով, ձեր բարութեամբ ու հոգիի տոկունութեամբ, ջերմութեամբ եւ խորագիտութեամբ, ձեր մարդասիրութեամբ ու ձեր լաւատեսութեամբ: Մեր մայրերը երկինքն ու երկիրն իրար կապող անձեռակերտ կամուրջ մըն են, հրեշտակներ են Երկրի վրա՛յ, եւ անոնց ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ առեղծուածային գոյներու, խօսքի ու մեղեդիի կատարեալ ներդաշնակութիւն մըն է. որքա՜ն թերի ու անգոյն կ´ըլլար մեր կեանքն առանց մայրերուն…մեր ապրած կեանքի հայելին են աչքերը մայրերուն. եթէ կ´ուզես ճանչնալ զաւակը, նայի՛ր անոր մօր աչքերու խորքը եւ լսէ լռութիւնը անոր հոգիին…մօր ներկայութիւնը մեր կողքին ամենահզօր վահանն է, ամենաշքեղ ամրոցը, ամենամաքուր աղբիւրը, ամենաթովիչ երգը, ամենագեղեցիկ հեքիաթը, որ չունի վախճան:
… Որո՞ ւն ձեռքին պատրաստուած հացը այդքան համեղ է, որքան` մայրերունը, որո՞ւն աչքերուն խորքը այդքան սէր կայ իր զաւակներուն հանդէպ, որքան` մօր, որո՞ւն սրտին մէջ այդքան ներում կը գտնուի, որքան`մօր, որո՞ւն աչքերէն այդքան արցունք կը հեղուի զոհուած որդիին համար` որքան մօր…լուսինը լոյս կու տայ, արեւը` ջերմութիւն, Աստուած` սէր, իսկ մայրն` այդ ամէնը` միասին, ուրեմն` ծնկաչոք աղօթենք մայր-էութեան համար, խնկարկէք նաեւ Մայր հողին ի պահ տուած անոնց մասունքներուն համար, սիրով ու սիրոյ մէջ պահենք լոյսէն ու Արեւէն շաղախուած Հայոց մայրերուն` աշխարհի կիներէն բացառիկներուն:
Մա՜յրս…
…Անձեռակե՛րտս, անվերջակէ՜տս,
Անվախճան երգս ու տիեզե՛րքս,
Կ ա տ ա ր ել ու թ ի՜ւ ն ս…
Մայրենի լեզու՛ս,
Հայրենի ծու՛խս,
Մեր նշխար հացը,
Մեր նիստուկացը,
Մեր կեանքի աղը,
Մեր շրթանց խաղը՛,
Որդուս պատկերն ես
Ու մեր պատիւ՜ն ես,
Մեր Մայրաստա՜նն ես
Ու ` Հայաստա՛նն ես,
Դու` այսպիսի՛նն ես:
Կարինէ Աւագեան
Աղբիւրը`«Հայերն այսօր»