ՀՀ սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայ Կանանց Միջազգային Միաւորման (AIWA) Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի Նախագահ Սիլվա Քաջիկեանը

Յունիս 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ կանանց միջազգային միաւորման (AWIA) Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախագահ, ԱՄՆ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին կից կանանց խորհուրդի անդամ Սիլվա Քաջիկեանը:

Տիկին Քաջիկեան նախարարին տեղեկացուց, որ այս օրերուն կազմակերպութեան բազմաթիւ անդամներ Հայաստան եկած են ականատեսը եւ մասնակիցը դառնալու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի այցին եւ անհրաժեշտութեան պարագային` իրենց հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելու կազմակերպչական հարցերուն:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որպէս Հայ կանանց միջազգային միաւորման նախագահ, ողջունեց այդ նախաձեռնութիւնը եւ իր հերթին նշեց, որ Պապի այցը ոչ միայն ազգային, այլեւ համաշխարհային նշանակութեան երեւոյթ է: Ան կարեւոր համարեց յատկապէս Պապի կողմէ սահմանուած կարգախօսը` «Ուխտագնացութիւն առաջին  քրիստոնեայ երկիր», որ կը նշանակէ, որ Պապը եւս մէկ անգամ կը շեշտէ,  թէ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն ունի քրիստոնեայ աշխարհին համար:

Երկուստեք կարծիք յայտնուեցաւ, որ իր յայտարարութիւններով եւ այցով` Ֆրանչիսկոս Առաջինը աշխարհի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Հայաստանի վրայ, հանգամանք, որուն շնորհիւ մեծապէս կը բարձրանայ հետաքրքրութիւնը երկրին հանդէպ եւ կ’աւելնայ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայ կանանց միջազգային միաւորման 25-ամեայ յոբելեանին, որ կը նախատեսուի նշել այս տարուան Սեպտեմբերի վերջը:

Ինչպէս նշեց տիկին Քաջիկեան` յոբելեանի նշումը առիթ է ոչ միայն խօսելու 25 տարիներուն ընթացքին կազմակերպութեան իրականացուցած հայրենանուէր աշխատանքներուն մասին, որոնց առանցքին մէջ եղած են կարեւորագոյն հարցադրումներ` կապուած հայ կնոջ դերի բարձրացման, երիտասարդութեան մէջ հայրենիքի, հայ մշակոյթի եւ գիտութեան հանդէպ սէր արթնցնելու հնարաւոր ճանապարհներու որոնման հետ, այլեւ քննարկելու, թէ յատկապէս ի՞նչ պիտի ըլլայ յետագայ գործունէութեան հիմնական նպատակակէտը:

Իր հերթին, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց կազմակերպութեան ունեցած դերը` յատկապէս տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ կանանց համախմբելու, կրթական, մշակութային, գործարար ոլորտներուն մէջ անոնց  աշխատանքը խրախուսելու եւ աշխուժացնելու առումով: Ըստ նախարարի` միաւորման գործունէութեան կարեւոր ուղղութիւններէն է նաեւ նշանաւոր հայ կանանց ի մի բերելուն եւ անոնց կատարած աշխատանքը արժեւորելուն միտուած  տարբեր նախաձեռնութիւնները:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման առնչուող, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական այլ հարցեր:

Scroll Up