Բացուեցաւ Սուրիահայ Երեխաներու Աշխատանքներու` «Հալէպ. Տագնապալի Օրեր» Խորագիրով Ցուցահանդէսը

Փետրուար 18-ին Երեւանի Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի մանկական ստեղծագործութեան թանգարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս բացուեցաւ ՀԲԸՄ Հալէպի Մարտիրոս Սարեանի անուան ակադեմիոյ սաներու աշխատանքներու` «Հալէպ. տագնապալի օրեր» խորագիրով եռօրեայ ցուցահանդէսը`  նուիրուած ակադեմիոյ հիմնադրման 60-ամեակին:

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նշելով. «Մենք վկան ու ականատեսն ենք մի իւրօրինակ ցուցահանդէսի, որը խորապէս յուզում է ինձ. առաջինն այն պատճառով, որ Հալէպի ռմբակոծման պայմաններում մեր երեխաները շարունակում են ստեղծագործել, նկարել եւ երկրորդ, որ մեզ` հայերիս հնարաւոր չէ կտրել մեր ստեղծագործ էութիւնից: Եթէ մեծ վարպետ Մարտիրոս Սարեանը ողջ լինէր, մեծ հրճուանքով պիտի դիտէր մեր երեխաների աշխատանքները, այս նկարների հեղինակ մեր մանուկների մէջ, վստահ եմ, վաղուայ սարեաններն են: Ցաւօք, այս ցուցահանդէսին հալէպահայ փոքրիկ նկարիչները ներկայացրել են ո՛չ թէ իրենց անհոգ ու խաղաղ մանկութիւնը պատկերող ստեղծագործութիւններ, այլ աւեր ու աւար դարձած Հալէպի տեսարաններն արտացոլող գործեր, – ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, – ուստի պատահական չէ, որ մեր նախարարութիւնը ցուցահանդէսին մասնակից ստեղծագործողներին շնորհել է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգրեր»:

Նախարարը առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ակադեմիոյ ուսուցիչ Հրազդան Թոքմաճեանին, որ 20 տարի առաջ Հայաստանէն մեկնած էր Հալէպ` մշակութային օճախը երկամեայ ժամկէտով ղեկավարելու, սակայն նուիրուելով գործին` մնացած է համայնքին մէջ եւ նման բարձր մակարդակի հասցուցած ակադեմիան:

Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ իր ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հրազդան Թոքմաճեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Գորկի» մետալով:

Ինչպէս նշեց տիկին Յակոբեան, նախարարութեան աջակցութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ  տպագրուած է Հալէպի հայ մանուկներու աշխատանքներու պատկերագիրքը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան` ձեռնարկի կազմակերպման սրտացաւ եւ գործուն աջակցութեան, ինչպէս նաեւ Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի տնօրինութեան` աջակցելու եւ սրահը տրամադրելու  համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան` բարձր պարգեւի արժանացնելու եւ ակադեմիոյ սաներու աշխատանքներու ցուցադրութիւնը պատշաճ կազմակերպելու համար` Հրազդան Թոքմաճեան նշեց. «Պիտի վերադառնամ Հալէպ եւ պիտի  շարունակեմ աշխատանքս` իբրեւ արդէն Ձեր Հրազդան Թոքմաճեան: Այս նկարներու հեղինակ հալէպահայ մանուկները արեւմտահայերու 5-րդ սերունդն են, որ դարձեալ յայտնուած են հուրի ու սուրի մէջ: Անոնք անչափ ուրախ պիտի ըլլան, երբ հեռուստացոյցով տեսնեն իրենց աշխատանքները, եթէ ի հարկէ հնարաւորութիւն ունենան հեռուստացոյց դիտելու»:

ՀԲԸՄ Հալէպի մասնաճիւղի ատենապետ, գրող, մանկավարժ Յակոբ Միքայէլեան նշեց, որ 1955թ.  հիմնադրուած ակադեմիոյ արմատները այնքան խորունկ են, որ նոյնիսկ կրակի ու բոցերու, արեան ու մահուան ճիրաններուն մէջ կը շարունակէ գործել, կը շարունակէ արուեստի ուժով մեղմացնել երեխաներու տառապանքները այս դժուար օրերուն:

Մեծապէս կարեւոր համարելով Հալէպի Մարտիրոս Սարեանի անուան ակադեմիոյ սաներու աշխատանքներու ցուցադրութիւնը` Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Լեւոն Իգիթեան նշեց. «Ես չեմ գիտեր  ուրիշ ազգ մը, որ նման պայմաններու մէջ կը շարունակէ ստեղծագործել: Հէնց այս յատկանիշն է, որ մեզ պահած է 5 հազար տարի շարունակ եւ հայ ժողովուրդի այդ յատկանիշը կ’առաջացնէ  այլ ժողովուրդներու յարգանքը մեզի հանդէպ»:

Հալէպահայ մանուկներու աշխատանքներու ցուցադրութիւնը բարձր գնահատեցին նաեւ  ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, հալէպահայ արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան, սուրիահայ արուեստագէտ, ձեւաւորող Գէորգ Շատոյեան:

Համերգային համարներով հանդէս եկան Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայրենիք տեղափոխուած մանուկներ` Աննա Մարիա Մուպայետ  եւ Սէրլի Շէոհմելեան:

Ձեռնարկին աւարտին մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան դիտելու ակադեմիոյ սաներու ողջոյնի տեսաուղերձը`  իրենց հայրենակիցներուն:

h5h4h3h2h1

Scroll Up