«Առանց Արցախն Ու Արցախցին Ճաչնալու` Հնարաւոր Չէ Ամբողջապէս Ճանչնալ Հայրենիքը». ԼՂՀ Վարչապետի Մամլոյ Խօսնակ

Համացանցի վրայ  լայն տարածում գտած է «Եկ Արցախ» նախաձեռնութիւնը, որուն հեղինակը ԼՂՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արտակ Բեգլարեանն է: Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս պէտք է լուսանկարուիլ Արցախի որեւէ տեսարժան վայրի մէջ կամ որեւէ խորհրդանիշի մօտ եւ կոչ ընել ընկերներուն արձակուրդի մէկ մասը իրականացնել Արցախի մէջ: Տուեալ լուսանկարը կամ տեսանիւթը ընկերային ցանցերու մէջ տեղադրելուն` պէտք է նշել (tag ընել) առնուազն երեք ընկերներու, որոնք իրենց հերթին պէտք է 3-օրեայ ժամկէտի մէջ միանան ֆլեշ մոպին, ինչպէս նաեւ արձակուրդի ընթացքին այցելեն Արցախ: Այս նախաձեռնութեան շուրջ է «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը ԼՂՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արտակ Բէգլարեանի հետ:

Արտակ Բեգլարյան.1

– Ինչու եւ ե՞րբ որոշեցիք նախաձեռնել «Եկ Արցախ» արշաւը:

– Գլխաւոր պատճառը Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զբօսաշրջիկներու թիւի նուազման միտումն էր, որուն արդիւնքով սպասարկման ոլորտի բազմաթիւ տնտեսվարողներ որոշակի խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնէին: Ուստի, այս արշաւով, որ մեկնարկեց Մայիսի երկրորդ կէսին, նպատակ ունէինք նախ եւ առաջ կոչ ընել հայերուն իրենց արձակուրդին գոնէ մէկ մասը անցնել Արցախի մէջ` ատոր միջոցով փոխարինելով արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն, ինչպէս նաեւ աջակցելով Արցախի տնտեսութեան այդ բնագաւառի կայունութեան:

Բացի ատկէ, զբօսաշրջիկներու աշխոյժ հոսքը ցոյց կու տար այլոց, որ այստեղ ապահով է, եւ անվտանգութեան հետ կապուած վտանգներ չկան: Բացի իրավիճակային նպատակներէն, «Եկ Արցախ» արշաւը եւս մէկ հնարաւորութիւն է գոնէ ընկերային  ցանցերու մէջ ցուցադրելու Արցախի գրաւչութիւնը եւ համոզելու երկմտողներուն այցելելու Արցախ: Աւելին` այն խթան է յատկապէս հայերուն համար` ճանչնալու իրենց հայրենիքին մէկ մասը, որուն հանդէպ այդքան հոգածութեամբ լեցուած է հայութիւնը, սակայն շատերը երբեք չեն եղած այստեղ:

եկ Արցախ5 եկ Արցախ4

Ին՞չ աստիճաններ արձանագրած է նախաձեռնութիւնը:

– Քանի մը օր շարունակ յատկապէս Ֆէյսպուքի եւ որոշ չափով նաեւ Twitter ու Instagrami հայ օգտատէրերը մեծ աշխուժութեամբ արցախեան թեմաներով լուսանկարներ կը տեղադրէին այդ ընկերային ցանցերուն վրայ` կոչ ընելով ընկերներուն այցելել Արցախ: Արշաւին սիրով միացան հանրաճանաչ  շարք մը հայեր, որոնք մեծ լսարան ունին ընկերային ցանցերու վրայ: Արշաւը կը շարունակուի, եւ բազմաթիւ օգտատէրեր պարբերաբար կը թարմացնեն լուսանկարները. Կը կարծեմ` նոր յայտնի գործիչներ դեռեւս կը միանան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի շօշափելի գործողութիւններուն, ապա դեռեւս կանուխ է գնահատել արշաւի արդիւնքները, թէեւ միտումը դրական է, եւ շատերը յստակ որոշում կայացուցած են ամառուան ընթացքին այցելելու Արցախ: Սպասենք զբօսաշրջային թէժ եղանակին եւ այն ժամանակ կը կարենանք արշաւին եւ ատոր արդիւնքներուն մասին լայնատարած  խօսիլ:

եկ Արցախ7եկ Արցախ2

– ի՞նչ կրնայ առաջարկել Արցախը ոչ միայն սփիւռքահայուն, այլեւ` օտարերկրեայ զբօսաշրջիկին:

– Տարիէ տարի կ’աւելնայ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւը Արցախի մէջ, ատիկա կը նշանակէ, որ գրաւչութիւնը կը մեծնայ անոնց համար: Կը կարծեմ` օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն ամենաշատը կրնայ հետաքրքրել Արցախցին` իր առօրեայով, աւանդոյթներով ու խոհանոցով: Այս առաւելութիւնը ներկայացնելու առումով դեռեւս զգալի աշխատանք կայ կատարելու` ներառեալ համապատասխան ենթակառուցուածքներու ու ոլորտին մէջ ընդգրկուած մարդոց հմտութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ:

Հարուստ պատմամշակութային արժէքները եւ բնութիւնը նոյնպէս կը հետաքրքրեն օտարերկրացիներուն, որոնց ներկայացման ու մատուցման մակարդակն անընդհատ պէտք է բարձրացնել, որ կը յանգեցնէ նաեւ Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութեան բարձրացման:

Ձեր կարծիքով, ո՞ր տարիքի եւ ի՞նչ նախասիրութիւններու տէր մարդոց համար  Արցախը գրաւիչ է:

– Կը կարծեմ` Արցախն այնքան  բազմազան է, որ կրնայ հետաքրքրել տարբեր տարիքի ու նախասիրութիւններու տէր մարդոց: Առկայ են թէ՛ հրաշագեղ բնութիւն եւ՛ աշխոյժ, եւ՛ հեշտ հանգիստի համար, թէ՛ պատմամշակութային արժէքաւոր կոթողներ, թէ՛ հետաքրքիր աւանդոյթներով մարդիկ, եւ թէ՛ մաքուր  մեջավայրի սնունդ: Ի հարկէ, բոլոր ոլորտներուն մէջ  ալ բարելաւելու ենթակայ ուղղութիւններ կան, սակայն աշխոյժ հանգիստի համար անհրաժեշտ ձեռնարկներու պակասը, իմ կարծիքովս, ամենակարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է:

եկ Արցախ1 Եկ Արցախ

Զրոյցի աւարտին ի՞նչ կը ցանկաք փոխանցել կամ ըսել այն մարդոց, որոնք երբեք չեն այցելած Արցախ:

– Գլխաւոր ըսելիքս այն է, որ երբեք չվախնան Արցախ այցելելու, քանի որ այստեղ շատ աւելի անվտանգ է, քան նոյնիսկ որոշ եւրոպական երկիրներ: Հակամարտութիւնը որեւէ կերպ վտանգի տակ չի դներ զբօսաշրջիկներու անվտանգութիւնը:

Իսկ երկրորդ ուղերձս հայերուն  ուղղուած է, որ գան եւ ճանչնան Արցախն ու արցախցին, առանց որոնց հնարաւոր չէ ամբողջապէս ճանչնալ հայոց հայրենիքը:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան 

 

Scroll Up