«Հայրենիքը Բառերով Չմեկնաբանուող Զգացում Է».Փեոթր Աքոբով

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հիւսիսային Օսիա-Ալանիոյ Հանրապետութեան Վլատիկաւկազ քաղաքէն հիւրընկալուած «Էրեբունի» հայկական ազգամշակութային համայնքի նախագահի տեղակալներ, գործարարներ Փեոթր Աքոբովի եւ Վլատիմիր Մանասեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

Պարո՛ն  Աքոբով, գործնակա՞ն է Ձեր այցը Հայաստան:

-Այո՛, սակայն, բնականաբար, կայ նաեւ Հայրենիքի հանդէպ տածած կարօտի զգացման գործօնը: Գործնական է մեր այցը` ի նպաստ համայնքային շահերու, որովհետեւ մենք կ’ապրինք համայնքի կեանքով, համայնքի հոգերով ու խնդիրներով եւ հնարաւորինս կը փորձենք լուծել ատոնք: Մեր այցի հիմնական նպատակը  հայկական դպրոցի շէնքի վերադարձն է մեր համայնքին, որ համայնքին համար կը ծառայէ իբրեւ մշակութային կեդրոն: Այդ կեդրոնին մէջ  կը միաւորենք մեր համայնքային  մշակութային բոլոր կառոյցները, ձեռնարկներ կը կազմակերպենք, հաւաքներ կ’իրականացնենք, դուրսէն եկող հիւրերուն, դերասաններուն, երգիչներուն կ’ընդունինք, մեր համայնքային պարի համոյթն ու երգչախումբը կը կարենան այնտեղ պարապիլ, ուստի եկած ենք խնդրելու նախարարութեան` այդ հարցով համագործակցիլ, աջակցիլ օգնելու մեզի: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան վարչութեան ներկայացուցիչի` Սերգէյ Սարուխանեանի հետ, մշտապէս կապի մէջ ենք, նախարարութիւնը մեզ օգնած է` հնարաւոր ամէն ինչով: Մեր երեխաները կը մասնակցին  շատ սիրուած «Արի տուն» ծրագիրին. ատիկա շատ յաջողուած ծրագիր է եւ ցանկալի է, որ միշտ շարունակուի:

Դուք հայերէն չէք խօսիր, մոռցա՞ծ էք մայրենին…

-Չեմ մոռցած, կը հասկնամ, սակայն ես ծնած օրէս կ’ապրիմ Վլատիկավկազի մէջ, ստացած եմ ոչ հայկական կրթութիւն: Ես ինքնուսոյցով սորված եմ խօսիլ, գրել ու կարդալ հայոց լեզուով (ի հարկէ, հիմա կ’ամչնամ խօսելու իմ իմացած հայերէնով): Մեր տունը հարսս` տղուս կինը բերաւ հայերէնը, որ Հայաստանէն է, եւ հիմա  իմ թոռնիկս կը խօսի մայրենի լեզուով: Մենք չունինք հայկական թաղամասեր, թէեւ մեծ թիւով հայութիւն կ’ապրի  մեր տարածքին մէջ: Շատ են խառնամուսնութիւնները: Չեմ կրնար ըսել, թէ բոլորը կ’ապրին  լիարժէք հայեցի կեանքով: Ունինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ եկեղեցւոյ կից` հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, ուր յաճախող երեխաները կը սորվին մայրենին. ատիկա եւս հնարաւորութիւն է` լեզուն չմոռնալու այն ընտանիք տանելու, մեր համայնքն ունի նաեւ իր թերթը…այսինքն` հայապահպանութեան նախադրեալներ կա՛ն:

Յարգելի հայրենակի՛ց, ըսէք, խնդրեմ, ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ  ձեւաւորուած են միւս համայնքներուն հետ, յատկապէս` ատրպէյճանական համայնքին հետ. խնդիրներ չեղա՞ն ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետ կապուած:

-Կան տարբեր համայնքներ, ներառեալ` ատրպէյճանական, որուն հետ մենք ունինք բնական յարաբերութիւններ. Հայաստանի մէջ ատիկա չէր կրնար բնական ըլլալ, բնական է. չմոռնանք, որ մենք բոլորովին ուրիշ հանրապետութեան մէջ կ’ապրինք: Ըսեմ, որ թիւով հայերը ատրպէյճանցիներէն շատ են այնտեղ:

Երբ կը ժամանէք Երեւան, օդանաւի վայրէջքէն ետք  ի՞նչ զգացումներ  կ’ունենաք, ու՞ր կը ձգտիք երթալ ամէնէն առաջ:

-Ամէն անգամ տարբեր զգացումներ կ’ունենամ եւ տարբեր վայրերու մէջ կը ձգտիմ ըլլալ, սակայն առաջինը կը զգամ  Հայաստանի բոյրը, հարազատ օդը…

Ինչ՞  Է Ձեզի համար Հայրենիքը:

Հայրենիքը բառերով չմեկնաբանուող  զգացում է, դժուար է ըսել:

Ես իմ զրոյցս կը շարունակեմ «Էրեբունի» հայկական ազգամշակութային  ինքնավարութեան նախագահի տեղակալ, գործարար, մասնագիտութեամբ շինարար Վլատիմիր Մանասեանի հետ, որ համեստօրէն կը լռէ իր կատարած բարեգործութիւններուն մասին, որոնց շարքին յիշատակելի են տարբեր տարիներու Լարսի ճանապարհին ձիւնաբուքի մէջ օրերով մնացած  ուղեւորներով ու բեռներով լեցուած մեքենաներուն նիւթապէս ու բարոյապէս օգնելը, իր մարդասիրական գործողութիւններուն համար ՀՀ սփիւռքի նախարարին կողմէ «Նուբար Փաշա» մետալով պարգեւատրուելու մասին… Մեր երկու հայրենակիցներէն դժուարութեամբ կը կորզեմ Արցախի քառօրեայ պատերազմի օրերուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով Թալիշ մեկնելու լուրը, երբ արդէն այնտեղ բնակիչներ չկային եւ անոնց տեղաւորած էին Չարենցաւանի մէջ, ա՛յն, որ այս պատուարժան հայորդիները համայնքին եւ սեփական միջոցներէն հաւաքուած գումարն անուն առ անուն բաժնած են զոհեր, վիրաւորներ ունեցած, իրենց ծննդավայրը ցաւով ստիպուած լքած թալիշցիներուն… Իսկական բարեգործութիւնը, յիրաւի, այն է, որ չի  փնտրեր լսող ականջներ ու գովերգող շրթունքներ, այլ` միայն կոտրուած սրտեր ու տխուր աչքեր:

Կարինէ Աւագեան

 ալանիա1

Scroll Up