«Չեմ Կրնար Ապրիլ Առանց Հայկական Միջավայրի».Լուսինէ Ներսիսեան

Պելճիգայի Լիեժ քաղաքին մէջ գործող «Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեանի ընտանիքը Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութիւն-2015-ի ժամանակ «Սփիւռքի մէջ լաւագոյն հայկական ընտանիք» անուանակարգին մէջ 2-րդ կարգի մրցանակի  արժանացած է: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ան խօսած է ոչ միայն մրցանակի, այլեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի` օրեր առաջ  Պելճիգայի հայ համայնք կատարած այցելութեան մասին:

Տիկին Ներսիսեանի՞նչ զգացողութիւններ ունիք նման մրցանակ ստանալէ ետք:

-Մեր ընտանիքին համար նման գնահատանքի արժանանալը պատուաբեր  եւ պարտաւորեցնող է:  Կը հասկնանք, որ Հայաստանի մէջ մեզի չեն մոռնար, որմէ կ’ ոգեւորուինք եւ ուժ կը ստանանք`շարունակելու յետագայ աշխատանքները:

Բացի պատուոգիրէն եւ խորհրդանշական մրցանակէն, նաեւ դրամական պարգեւ ստացանք: Այդ գումարը որոշած եմ` որպէս Ամանորի փոքրիկ նուէր, իմ ընտանիքիս կողմէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ վիրաւորուած  զինուորի մը նուիրել: Այդպէս, ես  հոգեպէս աւելի հանգիստ կը զգամ:

Աւլեցնեմ նաեւ, որ ՊԵլճիգայի Լիեժ քաղաքին մէջ գործող «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը, որուն նախագահը կը  հանդիսանամ, 2014 թուականին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ժամանակ «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգին մէջ 2-րդ կարգի մրցանակի  արժանացած է:

Սփիւռքի մէջ ապրելով` ընտանիքէն ներս կը պահպանէ՞ք հայկական աւանդոյթներն ու բարքերը, կը նշէ՞ք ազգային, եկեղեցական, պետական տօները:

-Անխտիր, հայկական բոլոր աւանդոյթները մեր տան մէջ կը պահպանենք: Երեխաներս տան մէջ միայն հայերէն կը խօսին, որ կարեւոր նախապայման է մեզի համար: Աղջիկս հայկական դպրոց կը յաճախէ , տղաս նոյնպէս հայկական դպրոց  յաճախած է:

Ամէն ինչ ըրած եմ, որ անոնք օտարութեան մէջ գտնուելով` հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստանան, չկտրուին իրենց արմատներէն: Երբ աղջիկս տան մէջ ֆրանսերէն  խօսի, եղբայրը կը նախատէ զինք եւ կը յորդորէ միայն հայերէն խօսիլ:

Աղջիկս հիմա Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքներու վկայութիւններուն մասին պատմող գիրք կը կարդայ, ան շատ կ’ազդուի եւ կը յուզուի: Ամէն օր  ինծի կը պատմէ գիրքին  եւ ունեցած տպաւորութիւններուն մասին:

Մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուինք տօներուն` Ամանորին, Սուրբ Զատիկին, Տեառնընդառաջին եւ միւսներուն: Այդ օրերուն բնակարանը տօնին համապատասխան տեսքով կը ձեւաւորենք եւ աշխոյժ եռուզեռի մէջ կ’ըլլանք:

Մեր բնակարանին մէջ միշտ հայկական  շունչ կը տիրէ.Հայաստանէն բերուած տարբեր նկարներ կան պատին փակցուած` Վանայ լճի, խաչքարերու, տեսարժան այլ վայրերու պատկերներով, որոնց ամէն անգամ նայելնուս` Հայաստանին մօտ կը զգանք եւ  փոքր-ինչ կը փարատի կարօտը:

Բակին մէջ ստեղծած ենք «Փոքրիկ Հայաստան». թոնրատուն ունինք, Հայաստանէն բերուած խաղողի որթեր, թզենիի, ծիրանենիի, սալորենի եւ թթենի ծառեր տնկած ենք: Ի դէպ, թութը այս տարի առաջին անգամ բերք  տուաւ: Ես չեմ կրնար ապրիլ առանց հայկական միջավայրի:

24

Տեղեակ եմ, որ Ձեր ամուսինը ազգութեամբ հայ չէ: Յաջողա՞ծ էք զինք «հայեացնել», ի՞նչ կարծիք ունի հայ ժողովուրդին մասին:

-Ամուսինս` Տիտիեն, ազգութեամբ պելճիգացի է: Ան պետական աշխատող է: Կ’աշխատի նօթարներու հետ` մարդոց ձգած ժառանգութիւնը բանալու գործընթացքը  կատարելով: Ան  միշտ կը հետաքրքրուի հայերու պատմական անցեալին, կրած տառապանքներուն, պատուհասած արհաւիրքներուն եւ յաղթական էջերուն մասին: Շատ լաւ տեղեկացուած է 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Ես յատուկ որեւէ ջանք չեմ գործադրած, որ ան հայերու հանդէպ սէր ու յարգանք ունենայ: Այդ արդիւնքին  հասած ենք համատեղ կեանքի ընթացքին: Ամէն տարի քանի մը անգամ Հայաստան կ’այցելենք: Նոյնիսկ այնպէս ստացուած է, որ ան մինակ  եկած է: Ամուսնուս նպատակն է, որ ապրինք Հայաստանի մէջ, ուր արդէն նախապէս գնուած հողատարածքին մէջ բնակարան կառուցած ենք: Տիտիեն հայերէն կը հասկնայ  եւ կը խօսի: Այն հարցին, թէ ինչ կարծիք ունի Մայրենիի մասին, կ’ըսէ` գեղեցիկ ու հնչեղ է հայոց լեզուն:

Հայկական ուտեստներէն գառան խորոված շատ կը սիրէ: Երբ առաջին անգամ Հայաստան եկանք, մեզի հրաւիրեցին գառան թոնրի խորոված ուտելու, որ ամուսինս շատ հաւնեցաւ:Ան որոշեց Հայաստանէն թոնիր տանիլ եւ  բակին մէջ թոնրատուն կառուցել, ուր հիմա յաճախ գառնուկի խորոված կը պատրաստէ մեր եւ իր պելճիգացի ընկերներուն համար: Նաեւ հայկական տարբեր միրգերէ թորուած տնական օղին կը հաւնի: Մէկ խօսքով, ամուսինս մեծ ակնածանք ունի հայ ժողովուրդին հանդէպ:

2726

Ին՞չ գործունէութիւն կը ծաւալէք Պելճիգայի մէջ:

-Ես բուժքոյր կ’աշխատիմ: Հայաստան ապրելու տարիներուս նոյնպէս շտապ օգնութեան մէջ բուժքոյր աշխատած եմ:

«Մեսրոպ Մաշտոց» միութեան մէջ նաեւ հասարակական գործունէութիւն կը ծաւալեմ` համայնքային աշխատանքներ կատարելով:

Նշեմ, որ միութեան կազմին մէջ համանուն անուամբ կը գործեն հայկական մէկօրեայ դպրոց, պարախումբ, նաեւ Պատարագներ կը մատուցուին: Քանի որ մեր քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի չի գործեր, կաթոլիկ եկեղեցին կը վարձակալենք` հրաւիրելով Պելճիգայի Հայոց հոգեւոր հովիւ հոգեշնորհ Տէր Զատիկ վարդապետ Աւետիքեանը Պատարագ մատուցելու:

«Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը նաեւ օգնութեան դրամահաւաք  կազմակերպած էր` աջակցելու Ատրպէյճանի կողմէ հրահրած Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով զոհուած հայ զինուորներու ընտանիքներուն: Համայնքին եւ միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ դրամահաւաքը իրականացնող Գայեանէ Սարգսեանի գործուն մասնակցութեամբ` Լիեժ, Պիլզէն եւ Տօնկերեն քաղաքներու հայ համայնքներէն հանգանակուած  1200 եւրօ գումարը փոխանցեցինք 3 զոհուածներու` Արամ Աբրահամեանի (Արմաւիրի մարզի Արտիմեդ գիւղ), Ադամ Սահակեանի (ք. Երեւան) եւ Մանուէլ Գէորգեանի (ք. Երեւան) ընտանիքներուն, իւրաքանչիւրին  400 եւրօ:

Կը համագործակցիք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ: Համատեղ ի՞նչ աշխատանքներ   իրականացուցած էք:

-«Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ միշտ աշխոյժ կապի մէջ կը գտնուի: Միութեան ուսուցիչները մասնակցած են նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրին «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքին, իսկ աշակերտները` «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին: Աղջիկս նոյնպէս 2017 թուականին պիտի մասնակցի «Արի տուն» ծրագիրին: Ան անհամբերութեամբ կը սպասէ, թէ երբ  պիտի գայ Հայաստան:

Իսկ ես մասնակցած եմ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի «Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներ» դասընթացքին եւ 2014 թուականի Սեպտեմբեր 19-21 տեղի ունեցած «Հայաստան-Սփիւռք» հինգերորդ համագումարին:

23

Տիկի՛ն Ներսիսեան, օրեր առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պելճիգա կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ նաեւ համայնքային ներկայացուցիչներու հետ: Ձեր կարծիքով` նախարարին հետ հանդիպումը ի՞նչ ոգեւորութիւն յառաջացուց համայնքին մէջ:

-Առհասարակ, Հայաստանէն Սփիւռք կատարուող նմանօրինակ իւրաքանչիւր այցելութիւն քաջալերող է: Այդ միջոցով կ’ամրապնդուի Հայաստանի հետ կապը: Բոլորը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն շատ գոհ էին եւ տպաւորուած: Տիկին Յակոբեան ներկաներու հարցերուն սպառիչ ու բովանդակալից պատասխաններ տուաւ, իսկ անոր անմիջական ու անկեղծ պահուածքը մեր հաւանութեան արժանացաւ:

Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպման ընթացքին ջերմ մթնոլորտ  ստեղծած էր. կարծես` մէկ ընտանիք ըլլայինք: Նախարարը մեզի տեղեկացուց նաեւ «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժման մասին` կոչ ընելով համահայկական համախմբուածութիւն ցուցաբերել եւ գործուն մասնակցութիւն ունենալ այս ծիրէն ներս:

«Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը նոյնպէս պիտի միանայ նախաձեռնութեան. որոշած ենք 2017 թուականի ընթացքին իրականացուող բոլոր աշխատանքները նուիրել Ղարաբաղին:

Գէորգ Չիչեան

 25

Scroll Up