Դամասկոսի Մէջ Զոհուած Է Հայազգի Յովիկ Կարդացողեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/170928.jpg)
Հոկտեմբեր 6-ին հրթիռներու հարուածին ենթարկուած են դամասկոսի խաղաղ Ապպասիին, Քասսա եւ Պապ Թումա շրջանները: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, հարուածներու հետեւանքով զոհուած է 8 մարդ, վիրաւորուած է շուրջ երկու տասնեակ: Մեծ նիւթական վնաս հասցուած է: Այդ թաղամասերուն մէջ կը բնակին նաեւ սուրիահայեր: Քասա շրջանին մէջ կը գտնուի նաեւ յոյն ուղղափառ Ս. Խաչ եկեղեցին, որ նոյնպէս նիւթական վնաս կրած է:
Զոհերու շարքին էր նաեւ 1958 թ. ծնունդ հայ Յովիկ Կարդացողեան (Օքումուշեան), այս մասին կը յայտնէ aztagdaily-ին:Սուրիոյ մէջ արդէն 2 տարիէ ի վեր քաղաքացիական պատերազմ է: Այդ ընթացքին, ՄԱԿ-ի տուեալներով, աւելի քան 150 հազար մարդ զոհուած է, 2 մլն` դարձած փախստական, եւս 4 մլն` ներքին տեղահանուած անձիք են:Ամէն օր մօտ 6 հազար սուրիացի փախստական կը դառնայ:
Սուրիահայերը հիմնականին մէջ կը բնակին Հալէպ եւ Դամասկոս քաղաքներուն մէջ: Մինչ պատերազմը հայ համայնքը կը հասնէր շուրջ 80 հազարի:
panarmenian.net