«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը 500 Հազար Ամերիկեան Տոլար Նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Սուրիահայութեան

Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրին` Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան դէպի Եւրոպա իր այցելութեան ճամբուն վրայ երէկ` ուրբաթ, 24 յուլիս 2015-ին այցելեց Լիբանան: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ան այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր մօտէն ծանօթացաւ Անթիլիասի Մայրավանքի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքին: Այս մասին կը հայտնէ <Ազդակ>-ը:

Հայրենի հիւրը մօտէն ծանօթացաւ մատենադարանին, թանգարանին, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի մատրան: Ապա ուղղուեցաւՊիքֆայա, ուր հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Բերիոյ թեմերու առաջնորդներուն, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նախքան հանդիպումը ան այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որմէ ետք ուղղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանի կողքին գտնուող խաչքարին դիմաց:

7-24-15_kakig-2

Այնուհետեւ Գ. Ծառուկեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ուղղուեցաւ վեհարան: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելէ ետք Ծառուկեանի ներկայութիւնը նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ոչ միայն պատմական աթոռ է, այլ նաեւ պատմական առաքելութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդի ճակատագրական մէկ հանգրուանին եւ ցեղասպանութենէն ետք կարեւոր դեր կատարած է սփիւռքի մէջ` հայապահպանման, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն մէջ: «Մեր ազգային պահանջատիրութեան եւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման գծով  այս աթոռը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ սփիւռքի մէջ», հաստատեց վեհափառ հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապը կը դիտենք մէկ համապարփակ ամբողջութեան մէջ եւ կը փորձենք հզօրացնել Հայաստանը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի հզօրացումը սփիւռքի հզօրացումն է եւ փոխադարձաբար: Ան ըսաւ, որ երբ հարցերը համահայկական եւ համազգային են, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը ըսելիք եւ ընելիք ունի` աւելցնելով, որ մեր ուժերը պէտք է համախմբենք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը միշտ աջակից եղած է Հայաստանի պետականութեան հզօրացման եւ Հայաստանի ժողովուրդի բարօրութեան: «Անձ մը իր գործով կ՛արժեւորուի», հաստատեց վեհափառ հայրապետը` գնահատելով Ծառուկեանի կատարած բարեգործութիւնները եկեղեցաշինութեան եւ այլ ծառայութիւններու մէջ:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց վերջին 5 տարիներուն տեղի ունեցած պատերազմին պատճառով Սուրիոյ հայութեան տագնապը եւ կարիքները:

Աւարտին խօսք առաւ բարերար Գագիկ Ծառուկեան, որ հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ իր ներկայութեան համար: Ան գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայապահպանման եւ համախմբման ի նպաստ տարած աշխատանքը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ մարդ արարածը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է օժանդակէ եւ աջակցի ազգին յայտարարելով, որ Գագիկ Ծառուկեան հիմնադրամը 500 հազար ամերիկեան տոլար կը նուիրէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծրագիրներուն եւ սուրիահայութեան կարիքներուն: Ապա ան արծաթեայ մեծ խաչ մը նուիրեց վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին Բարձրբերդի Աւետարան եւ յիշատակի նուէրներ յանձնեց յայտնի բարերարին:

Scroll Up