Հայկական Դպրոցի Վրայ Հրթիռ Ինկած Է. Կայ զոհ

Դամասկոսի մէջ Armlur.am-ի թղթակիցը տեղեկացուցած է, որ այսօր` ապրիլ 15-ին, առաւօտեան ժամը 08.00-ին Պապ-Թումա կոչուող հրապարակի մօտակայքը գտնուող Հայ Կաթողիկէ դպրոցի վրայ հրթիռ ինկած է:

Պայթումէն  վիրաւորուած է 62 հոգի  եւ մէկ զոհ: Մահացած է դպրոցի առաջին դասարանի սան, ազգութեամբ արապ Սնար Մտանեօսը: Տարբեր աստիճանի վնասուածքներ  ստացած են ու հիւանդանոց տեղափոխուած դպրոցի սաներ` Ռանա Կոմէճեանը, Սիլվա Լոլճեանը, Յակոբ Ֆեզելեանը, Կարօ Ամիրեանը եւ Նարեկ Մարաշելեանը:

 Վիրաւորներէն մի քանի հոգիի  վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր:

Armlur.am

Scroll Up