Մարդասիրական օգնութիւն սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն

«Հալէպ»  հայրենակցական  բարեսիրական  հասարակական կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր  ընտանիքներուն  բաշխեց  հերթական մարդասիրական օգնութիւնը:  Վաթսուն սուրիահայ ընտանիքներու բաժնուեցան ծածկոցներ, կօշիկներ, գրենական պիտոյքներու  եւ  առողջական պարագաներու  ծրարներ:

«Հալէպ»  ՀԲՀԿ-ն  ի վիճակի  եղաւ  կեանքի  կոչել  վերոյիշեալ մարդասիրական  օգնութիւնը  Մայր  Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Սոցիալական  ծառայութեան  շնորհիւ`  ի դէմս  տնօրէն  Հայր  Իսահակ վարդապետ  Պօղոսեանի:

Այս   օգնութիւնը  եւս մէկ անգամ ջերմութիւն հաղորդեց Մայր Հայրենիքի մէջ  ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

«Հալէպ»  հայենակցական  բարեսիրական  հասարակական կազմակերպութեան  գործադիր մարմինը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ  Մայր  Աթոռ  Սուրբ  Էջմիածինի  Սոցիալական  ծառայութեան` կազմակերպութեան  գործունէութեան  ուշադրութիւն  դարձնելու  եւ սուրիահայ  կարիքաւոր  ընտանիքներուն  աջակցութիւն  ցուցաբերելու համար:

Յիշեցնենք` «Հալէպ»  ՀԲՀԿ-ը  2013թ-ին  հիմնադրուելով  Հայաստանի մէջ` օգնութիւն կը  տրամադրէ Հայաստանի մէջ  ապաստանած  առաւել խոցելի  սուրիացի  ընտանիքներուն` տրամադրելով պարէնի եւ հագուստի ծրարներ,  մշակելով  եւ  իրականացնելով  տեւական  ծրագիրներ,  որոնք կը դիւրացնեն   հայրենիքի մէջ  բնակող  սուրիացիներու  բնակեցման  եւ   ընդելուզման գործընթացները:

Scroll Up