Շուշիի Յաղթանակը՝ Փարոս Մեր Պայքարին. Զարմիկ Պօղիկեան
Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի մեծ հոգեփոխութիւն ապրեցաւ։ Ամրագրեց իր սեփական ուժերուն վստահելով հայրենի հողը ազատագրելու, միասնական պայքարով ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքին տէր կանգնելու եւ ազատ հայրենիքի մէջ բարգաւաճելու հաւատքը։
Արցախի մէջ մարտնչող մեր հերոսները պարտութեան մատնեցին քանակով ու զինամթերքով զիրենք գերազանցող թշնամին, որովհետեւ կը մարտնչէին իրաւունքի համար, հայրենի հողի ազատագրման համար, մինչ թշնամին կը յարձակէր մեր ժողովուրդը բնաջնջելու, անոր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը խլելու, պատմական մեր հայրենիքին տիրելու ծաւալապաշտ մղումով, վարձկան զինուորներով։
Ահա թէ ինչո՛ւ յաղթանակները պայմանաւորուած չեն ըլլար սոսկ ռազմամթերքի կամ զինուժի գերազանցութեամբ, այլ նաեւ մարտական ոգիի առկայութեամբ ու հայկական հողին ու սրբութիւններուն պահպանման համար պայքարելու հաստատ հաւատքով։
Ու որքան որ կարեւոր է յաղթանակը նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է անոր պահպանումը։
Արցախեան պայքարի ճակատագրական այս օրերուն, երբ թշնամին կը շարունակէ ծաւալապաշտական իր նկրտումներով սպառնալ մեր հողին ու ժողովուրդին, օգտագործելով նոյնիսկ ահաբեկչական ծայրայեղ վարձկաններ ու պարտութեան բարդոյթով համակուած կը փորձէ տապալել բանակցային գործընթացը՝ գէթ զիջումներ խլելու յոյսով, կոչուած ենք համահայկական մեր ներուժը ի սպաս դնելու Շուշիի եւ ողջ Արցախի յաղթական երթի պահպանման ու ամրագրման ի խնդիր, առանց ո՛չ մէկ զիջումի, ընդհակառակն. սատարելով՝
-Արցախեան բանակին
-Արցախի միջազգային ճանաչման
-Արցախի տնտեսութեան հզօրացման
-Վերաբնակեցման ծրագիրներու վերամշակման։
Որոնց առընթեր մեր դիւանագիտական եւ քարոզչական բոլոր միջոցները օգտագործելու՝ միջազգային ընտանիքին կողմէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան դատապարտման համար։
Շուշիի յաղթանակը վկայութիւնն է մեր պայքարունակ ժողովուրդի անպարտելիութեան, Շուշին՝ փարոսը մեր պայքարին։
Զարմիկ Պօղիկեան
«Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր
Հալէպ-Սուրիա