Արցախի Հակամարտութեան Նուիրուած Վահանակ ԱՄՆ Մասաչուսեթս Նահանգին Մէջ
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ՝ Ապրիլ 15-ին ԱՄՆ Մասաչուսեթս նահանգի ֆոքսպորօ քաղաքին մէջ, Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի գլխաւորած «Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութիւնը տեղադրած է Արցախի սահմաններուն Ատրպյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն վերաբերեալ վահանակ:
«Աջակցինք Արցախի մէջ ընթացող հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման» գրութեամբ վահանակը տեղադրուած է քաղաքի կարեւոր խաչմերուկի մը վրայ, մարզադաշտին մօտ:
Վահանակին վրայ նշուած է նաև ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ Արցախին աջակցելու համար ստեղծուած կայք-էջին հասցէն՝ help-nkr.com: