Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Վարչապետ Սալամին Տեղեկացուցին Արցախեան Տագնապի Նորագոյն Զարգացումներուն Մասին

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի  ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց վարչապետարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումը կը վերաբերէր Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագօտիին վրայ 1-5 ապրիլին, Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակին:

Ներկայացուցիչները վարչապետ Սալամին փոխանցեցին տեղեկութիւններ Արցախի վերաբերող զինուորական եւ քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն մասին: Շեշտեցին այս բոլորին մէջ Ազրպէյճանի նախայարձակ ըլլալու իրողութիւնը եւ պատերազմական գործողութիւններուն դիմելու մերժուած եղանակը` յայտնելով, որ հայկական կողմը կը մնայ ամուր իր համոզումին մէջ, թէ տագնապին լուծումը բացառապէս քաղաքական եւ խաղաղ բանակցային բնոյթ կրնայ ունենալ միայն:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up