Գերմանացի Երկու Զոյգեր Սեփական Կտակին Համաձայն` Իրենց Կարողութիւնը Փոխանցած Են «Հայաստան» Հիմնադրամին

Գերմանիոյ հայ համայնքը եւրոպական հարեւան երկիրներու համեմատութեամբ`  այնքան ալ մեծաթիւ չէ: Շուրջ 40.000 հայ կ’ապրի Գերմանիոյ մէջ, որոնք, սակայն, բաւական աշխոյժ մասնակցութիւն ունին համահայկական հարցերուն ու անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ են կանգնելու Հայրենիքին կողքին:

Ատոր ապացոյցը  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմնի կազմակերպած բազմաթիւ օգնութիւններն ու ձեռնարկներն են, որոնք վերջին տարիներուն ուղղուած են գլխաւորապէս սուրիահայութեան աջակցելուն եւ Գերմանիոյ մէջ Հայ դատի խնդիրները ներկայացնելուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմնի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեան:

Հետաքրրական է, որ Հիմնադրամի միջոցով Հայաստանին օգնելու ցանկութիւն կը յայտնեն ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ գերմանացիները: «Կրնամ ըսել, որ այսօր մեր օգնութիւններուն 100-էն 35 տոկոսի հեղինակները զուտ գերմանացիներն են: Զարմանալի եւ ուրախալի  փաստ մըն ալ կայ. այս տարի գերմանացի երկու զոյգեր իրենց կտակին մէջ նշած էին, որ իրենց կարողութիւնը կը փոխանցեն մեր հիմնադրամին»,-կը պատմէ ժիլպեր Մոմճեան:

Մեր զրուցակիցը գերմանահայերուն համար կարեւոր ձեռքբերում կը համարէ նաեւ Յունիս 2-ին Պունտեսթակի մէջ սպասուող` Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քննարկումը: Այս թեման, ըստ անոր, վերջին ամիսներուն առիթ դարձած է, որպէսզի բազմաթիւ հեղինակաւոր պարբերականներ գրեն Հայաստանի ու հայերու մասին: «Ասիկա առիթ է, որ անոնք, ովքեր անգամ չէին լսած Հայաստանի, Արցախի մասին, իմանան մեր մասին: Առհասարակ, կրնամ փաստել, որ հայերը այսօր գերմանացիներուն համար շատ սիրելի ազգ են»,-կ’եզրափակէ Ժիլպեր Մոմճեան:

Scroll Up