Սուրիոյ Հայ Օգնութեան Հիմնադրամը 2016 Թուականի Փետրուար 21-ին Հեռուստամարաթօն Պիտի Իրականացնէ Սուրիահայերուն Օգնելու Նպատակով
ԱՄՆ-ի մէջ գործող Սուրիոյ հայ օգնութեան հիմնադրամը (SARF) 2016 թուականի Փետրուար 21-ին Լոս Անճելըսի մէջ պիտի իրականացնէ հեռուստամարաթօն, որ պիտի ունենայ «Փրկէ կեանք» խորագիրը:
Հեռուստամարաթօնը նպատակ ունի սուրիական ճգնաժամի արդէն 5-րդ տարուան օգնութեան ձեռք մեկնել Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն եւ անոնց համար յոյսի փոքր շող արթնցնել, կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:
«Սուրիական հակամարտութեան արդէն 5րդ տարին կը շարունակուին կործանիլ քաղաքներ ու գիւղեր, տուները կը հաւասարեցուին հողին, ընտանիքները կը մասնատուին, եւ որ ամենացաւալին է` արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի, եւ անմեղ կեանքեր զոհ կ’երթան բռնութեան: Հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ զրկուած են հիմնական կարիքներէն` ջուր, սնունդ, տանիք ու ջերմութիւն: Կոտորածները դարձուցած են մեր քաղաքացիներուն խիստ խոցելի: Հայկական սփիւռքի ամենահին համայնքներէն Հալէպը վերածուած է դատարկուած ուրուական քաղաքի: Անմարդկայնութեան ականատես ըլլալով, սակայն, մենք աւելի կ’ուժեղացնենք մեր մարդկային յատկանիշները եւ կարիքի մէջ գտնուող անձանց օգնելու յանձնառութիւնը: Սուրիոյ մէջ մեր հայրենակիցները ամէն վայրկեան զոհուելու շեմին են ու, այդուհանդերձ, դեռ կը շարունակեն գոյատեւել», կը նշուի Սուրիոյ հայ օգնութեան հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ` յորդորելով բոլորին մասնակցիլ «Փրկէ կեանք» հեռուստամարաթօնին եւ օգնել բաւարարել Սուրիա բնակող մեր հայերնակիցներու ամենատարրական կարիքները, ինչպէս մէկ կտոր հացը, ջուրը կամ տաք հագուստը: