Ժիրայր Ռէյիսեան. “Հայկական Համայնքը Ինչքան ալ Նօսրանայ Սուրիահայութիւնը Պիտի Գոյատեւէ”
Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովի հիմնական առանցքը նաեւ սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրներն էին: Երկու օր տեւած քննարկումներու ժամանակ, որուն ներկայ էին սուրիահայ համայնքային կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, հնչեցին տարբեր կարծիքներ, առաջարկ, որոնք գրաւոր ձեւով ներկայացուեցան եւ տեղ գտան համաժողովի ընդունած յայտարարութեան մէջ:
Սեպտեմբեր 22-ին սուրիահայ համայնքային կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները համայնքի հիմնախնդիրները քննարկեցին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ: Համաժողովի արդիւնքներու ամփոփման եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին որոշ մանրամասնութիւններ “Հայերն այսօրը” փորձած է ճշտել Բերիոյ Հայոց թեմի մամուլի քարտուղար, Սուրիոյ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ զրոյցի ընթացքին.
– Նախ շնորհակալ ենք Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովը կազմակերպելու համար: Երախտագիտութեան արժանի գործ է Սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքը` հայրենիքի մէջ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր պատասխանատու դէմքերով` միասնաբար քննարկելու մեր ցաւերը, դժուարութիւնները, լսել առաջարկներ եւ փորձել լուծումներ գտնել: Մենք շատ լաւ գիտենք, որ նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան, որքան սրտացաւ է Սուրիոյ դէպքերու հանդէպ: Անոր միտքը միշտ սուրիահայ գաղութի տագնապներուն հետ է: Իւրաքանչիւր զարգացումի ժամանակ ան անմիջապէս կը հեռաձայնէ, կ’ուզէ գիտնալ, թէ որոնք են նոր ծագած դժուարութիւնները եւ ինչ կարելի է ընել Հայաստանը` թեթեւցնելու այդ բոլորը: Այս բոլորէն մեկնելով` Հայաստան-սփիւռք համաժողովի ժամանակ յատուկ բաժին յատկացուած էր սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգման, քննարկման եւ եզրայանգման: Համաժողովի ժամանակ եղան եզրայանգումներ, որոնք արդէն իսկ գրաւոր եւ յայտարարութեան տեսքով ներկայացուեցան համաժողովի աւարտին: Յուսանք, որ այդ բոլորը կ’ուսումնասիրուին եւ պատկան մամիններու անմիջական մասնակցութեամբ կը ձեռնարկուին համապատասխան քայլեր` շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար: Եթէ ոչ` այս բոլոր աշխատանքները, քննարկումները, ճիգերը անիմաստ կը դառնան: Սակայն, վստահութիւն ունիմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, Սփիւռքի նախարարութիւնը, զանազան մասնագիտական կողմերու միակամ աշխատանքով, պիտի փորձէ իր կարելիութիւններու սահմանին մէջ այդ առաջարկները, եզրայանգումները ի գործ դնել:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումը, ընդհանրապէս, Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին հնչեցուած հարցերու շուրջ էր, անոնցմէ կարեւոր են յատկապէս երկու կէտեր: Առաջինը Սուրիոյ մէջ մնացող մեր հայրենակիցներու ապահովութեան հարցն է: Դէպքերու զարգացումները ինչ ուղիով ընթանան` սուրիահայութիւնը եւ հալէպահայութիւնը չի վերանար: Ինչ ալ պատահի, որքան ալ նօսրանայ համայնքը` սուրիահայութիւնը պիտի գոյատեւէ: Մենք միշտ շնորհակալ եւ երախտապարտ եղած ենք մեր աշխարհասփիւռ ազգակիցներուն, հայրենիքի մեր հայրենակիցներուն եւ կառավարութեան, որ կը փորձեն ամէն ձեւով օժանդակել, թեթեւցնել սուրիահայութեան ցաւը: Այո՛, մենք երախտապարտ ենք, սակայն, պէտք չէ մոռնալ կարեւոր կէտ մը. ինչպէս քիչ առաջ ըսի, սուրիահայութիւնը լուծման ենթակայ չէ, գաղութը կայ, պիտի մնայ եւ գոյատեւէ: Բայց եթէ վտանգ պատահի, անհրաժեշտ է ցուցաբերել անոնց ապահովութիւնը երաշխաւորող համահայկական զօրակցութիւն՝ Սփիւռքը իր կապերը, լոբբիստական, այլեւայլ կարողութիւնները օգտագործելով, Հայաստանը իր պետական միջոցները ի գործ դնելով: Վստահ եմ, որ ոեւէ մէկը չպիտի թերանայ` երաշխաւորելու Սուրիոյ մէջ գոյատեւող, գոյապայքարը շարունակող գաղութի ապահովութիւնը:
Երկրորդ. մեր ցանակութիւնն է, որ բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հեռանալ Սուրիայէն` անպայման հաստատուին Հայաստանի մէջ: Հայրենիք գալը այդքան անկարելի չէ, դժուարութիւնը Հայաստանի մէջ կեանքը ընդունելի պայմաններով շարունակելն է: Բոլոր անոնք, որոնք Հայաստան կը հասնին, շատ բնական է, որ կը ցանկան ընդունելի պայմաններու մէջ ապրիլ: Մենք շատ լաւ կ’ըմբռնենք Հայաստանի դժուարութիւնները, սակայն արժանապատիւ կերպով ապրելու համար պէտք են երկու հիմնական պայմաններ: Մէկը` բնակութեան, բնակարան, տուն ունենալու հարցն է, միւսը` օրապահիկ ձեռք ձգելու, աշխատանք ունենալու: Բնակարանի պարագային արդէն իսկ առաջարկուեցաւ, որ սուրիահայը անվճար տուն չ’ակնկալեր: Սիրիահայը ցանկանում է, որ դիւրացուած պայմաններով, երկարաժամկէտ մասնավճարներով բնակարան ձեռք բերելու հնարաւորութիւն ունենայ: Բայց երբ կը պահանջեն տան գումարը տալ մէկ-երկու տարուայ ընթացքին` սուրիահայը չի կրնար: Նախ` արժէզրկուած է Հալէպի մէջ մարդոց ունեցածը, բազմաթիւ մարդիկ հսկայական կորուստներ կրած են, յետոյ դրամն ալ արժէզրկուած են: Այս դէպքերու պատճառով անոնք չեն կրնար այդ գումարները վճարել: Իսկ երկարաժամկէտ մասնավճարներու պարագային, այն գումարը, որ անոնք տան վարձ կու տան, կը յատկացնեն բնակարանի մասնավճարներուն: Բայց այդ տունը պէտք է նախ կառուցել եւ դիւրացուած պայմաններով յատկացնել սուրիահայերուն:
Հայաստանի մէջ հաստատուող սուրիահայերու համար երկրորդ կարեւոր խնդիրը աշխատանքի հարցն է, մարդոց համար աշխատելու հնարաւորութիւններ ստեղծելը: Իսկ այն գործատէրերուն, արհեստաւորներուն, ովքեր կրնան իրենց արդիւնաբերական գործը հայրենիքի մէջ շարունակել, ինքնահաստատուելու համար որոշ դիւրութիւններ պէտք է տրուին` թէկուզ ժամանակաւոր: Այդ մարդիկ ունէին իրենց շուկաները ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլեւ արաբական երկիրներու, Եւրոպայի մէջ: Անոնք այդ կապերը կրնան ծառայեցնել ի նպաստ Հայաստանի տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ հայահաւաքին, հայրենադարձութեան: Ճիշտ է, հայրենիքը կրթական, բժշկական եւ այլ գետնի վրայ օգնութեան շատ միջոցներ ստեղծած է: Բայց ասոնք մասնակի բաժիններ են, մարդու համար էականը բոյնն է եւ եկամուտը: Այս երկուքի վրայ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել:
Դարձեալ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի կառավարութեան, Սփիւռքի նախարարութեան իրենց հետաքրքրութեան, զօրակցութեան, օժանդակութեան եւ, նամանաւանդ, միասնաբար լուծումներ գտնելու համար:
Պատրաստեց Լուսինէ Աբրահամեանը