Հայերէն լեզուի արխիւացման լապորատորիայի բացում Դամասկոսի համալսարանէն ներս

Մայիսի 8-ին Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս բացուեցաւ «լեզուներու արխիւացման լաբորատորիան” եւ փաստավաւերագրական նիւթեր սրահը: Այս մասին “Հայերն այսօրին” կը յայտնեն նախաձեռնութեան կազմակերպիչները:
Լաբորատորիայի բացումը կատարեց Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամատ Հասսան ալ Քուրտին, որ իր խօսքի մէջ բարձր գնահատեց լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Համալսարանի նախագահը նաեւ հաստատեց, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման լաբորատորիան, որ հնարաւորութիւն կու տայ արխիւացնել շարք մը լեզուներ, որոնք կ’օգտագործուին Սուրիոյ մէջ:
Բացման հանդիսութեան ժամանակ լաբորատորայի հայոց լեզուի բաժնի պատասխանատու Նորա Արիսեանը նշեց, որ լեզուներու արխիւացման լաբորատորիան, լեզուները պահպանելով եւ գիտականօրէն արխիւացնելով, հնրավարութիւն կու տայ Սուրիոյ մէջ պահպանել պատմամշակութային ժառանգութիւնը` ընդգրկելով լեզուն, պատմութիւնը, բանաւոր հեքիաթները, երգերը եւ այլն: