«Ցանկութիւնս Է, Որ Բոլորը Գան Եւ Շէնացնեն Մեր Հայրենիքը». Արփի Սեթրակ
Արփին հինգ տարեկան էր, երբ ընտանիքը Իրաքէն եկաւ Հայաստան: Հիմա ան կ’ապրի եւ կ’ուսանի հայրենիքին մէջ. ապագայ լրագրող է: «Հայերն այսօրի» թղթակիցը Արփի Սեթրակին հետ զրուցած է նախնիներուն, իրաքեան մանկութեան, հայաստանեան իրականութեան մասին:
–Արփի՛, ուրկէ՞ են նախնիներդ, ի՞նչ ճանապարհ անցած են եւ ինչպէ՞ս հաստատուած են Իրաքի մէջ:
– Հօրս նախնիները մշեցի են եւ զէյթունցի, իսկ մօրս կողմէն` պարսկահայ եւ եոզղատցի: Գաղթի տարիներուն ճանապարհը մեծհօրս հասցուցած է Իրաք: Այստեղ ալ ան ամուսնացած է եւ ընտանիք կազմած, ինչպէս յետագային եւ ծնողներս: Ես ու քոյրիկս ծնած ենք Իրաք:
Հայրս մասնագիտութեամբ երկրաբան է, քանի մը տարի աշխատած է իր մասնագիտութեամբ, յետոյ պատերազմական տարիներուն, քանի որ դժուար էր աշխատանք գտնելը` զբաղած է ոսկերչութեամբ: Մայրս կ’աշխատէր Իրաքի Հայոց առաջնորդարանը:
–Ինչպէ՞ս անցած է երկու քոյրիկներու մանկութիւնը Իրաքի մէջ:
– Փոքր եղած եմ, շատ բան չեմ յիշեր իրաքի մէջ մանկութենէս, միայն կը յիշեմ, որ շատ չարաճճի եւ հետաքրքրասէր երեխայ եղած եմ: Սիրած եմ նկարել, երգել ու պարել: Քանի որ բարդ է օտար միջավայրի մէջ պահպանել հայկականութիւնը, ծնողներս ինծի եւ քրոջս ուղարկած են հայկական կիրակնօրեայ դպրոց: Յաճախած ենք նաեւ հայկական երգի-պարի խմբակ, որպէսզի կարենայինք պահպանել մեր հայկական արմատները եւ հայկական ոգիով մեծնայինք:
Իրաքի մէջ ես վեց ամիս յաճախած եմ մանկապարտէզ. յետոյ սկսաւ պատերազմը, եւ մանկապարտէզները փակուեցան: Քոյրիկս` Այգը, աւարտական դասարան էր, երբ մենք եկանք Հայաստան: Ան այստեղ շարունակեց ուսումը: Քոյրիկս մասնագիտութեամբ լեզուաբան եւ արեւելագէտ է:
Ես շատ շնորհակալ եմ ծնողներուս, որ մեզի հայ մեծցուցած են, ու մենք հիմա Հայաստանի մէջ ենք:
– Արփի՛, կ’ուսանիս Երեւանի պետական համալսարանի Լրագրութեան բաժանմունքին մէջ: Ինչու՞ ընտրեցիր այս մասնագիտութիւնը:
– Միշտ հետաքրքրած է ինծի, թէ լրագրողները ինչպէս կ’աշխատին, տեղեկագրութիւններ, հարցազրոյցներ կը պատրաստեն: Միշտ սիրած եմ ըլլալ տեղակատուութեան կեդրոնին մէջ: Լրագրութիւնը ինծի համար ամենահոգեհարազատ մասնագիտութիւնն է, եւ չեմ պատկերացներ անձս այլ ոլորտի մէջ:
Երբ նոր ընդունուած էի, կը վախնայի, որ կը հիասթափուիմ այս մասնագիտութենէն, բայց հիմա աւելի շատ կ’ուզեմ լաւ լրագրող ըլլալ:
– Կը պատմե՞ս, թէ ինչպէս յայտնուեցար «Գարեգին Նժդեհ» ֆիլմին մէջ:
-Նոր սկսած էր «Գարեգին Նժդեհ» ֆիլմի նկարահանումները: Ընկերուհիներէս մէկը զանգահարեց եւ ըսաւ, որ հարկաւոր է մէկը, արեւմտահայերէնով հիւնչիւնաւորէ խօսող երեխային: Ֆիլմին մէջ նկարահանուող երեխան եօթ տարեկան էր եւ չէր կրցած արեւմտահայերէն խօսիլ:
Մեծ պատասխանատուութիւն զգացի, երբ իմացայ, որ պէտք է աշխատիմ բեմադրիչ Հրաչ Քեշիշեանի հետ, բայց անոր հետ աշխատիլը շատ հետաքրքիր էր ու հաճելի: Մենք աշխատեցանք անմիջական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ հէնց այդ ֆիլմին մէջ կայ իմ ձայնս, որովհետեւ իսկապէս շատ լուրջ ու մեծ ֆիլմ է: Ես հպարտութիւն կը զգամ, որ մեր մեծ զօրավար Գարեգին Նժդեհի մասին պատմող ֆիլմին մէջ կայ իմ փոքրիկ ներդրումս:
–Ինչպէ՞ս կը զգաս Հայաստանի մէջ:
– Հայաստանի մէջ օրերս շատ աշխոյժ ու յագեցած կ’անցնին: Այստեղ մանկապարտէզ գացած եմ, դպրոց: Այստեղ շրջապատս ձեւաւորուած է: Հիմա համալսարանի մէջ կ’ուսանիմ` շատ ջերմ ու ընկերական մթնոլորտի մէջ: Համալսարանէն ներս այնքան լաւ կը զգամ, որ յաճախ տուն երթալու ցանկութիւն չըլլար: Անդամակցած եմ ԵՊՀ «Վարդանանք» ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ակումբին, կը մասնակցիմ ազատամարտիկներուն նուիրուած տարբեր ձեռնարկներու:
–Ին՞չ խորհուրդ կու տաս օտարութեան մէջ ապրող քու հայ հասակակիցներուդ:
– Խորհուրդս մէկ է, որ գան Հայաստան, որովհետեւ Հայաստան բոլորիս տունն է: Օտարութեան մէջ մենք մեզի «կիսատ» կը զգանք. որքան ալ աշխատինք, սորվինք, միեւնոյնն է` օտարութիւնը ամէնուր քեզի կ’ուղեկցի: Իսկ հայրենիքի մէջ մեր ոտքը ամուր կը դնենք գետնին ու գիտենք, որ սա մերն է: Ինչ ալ ըլլայ, ուր ալ երթանք` ունինք հայրենիք: Ցանկութիւնս է, որ բոլորը գան եւ շէնացնեն մեր հայրենիքը:
Տաթեւ Դաւթեան