“Հայաստանը իմ արցունքս է, ժպիտս, իմ աղօթքս, յոյսս ու հաւատքս”. Շահէ Աճէմեան

“Մարդու հայրենասէր ըլլալը բարձրագոչ բառերով, դատարկ ճառերով չի որոշուիր”,- մեր զրոյցի ընթացքին հաստատակամ, պահանջկոտ, խստաբարոյ ու արդարամիտ բանաձեւումով արտայայտեց իր բնորոշումը Արցախի պատերազմի հերոս-ազատամարտիկ, “Խաչակիրներ” ջոկատի փոխհրամանատար, Արցախի Արիութեան մեդալակիր Շահէ Աճեմեանը, այնուհետեւ խնդրանքովս ներկայացուց իր կեանքի պատմութիւնը:

Ծնած եմ Լիբանանի մէջ: 1915թ. Եղեռնի ժամանակ հայրս երեք տարեկան որբուկ եղած է Լիբանանի մէջ: Մայրս ծնուած է Եղեռնէն ետք, Կեսարիոյ մէջ, 1926թ.: Մօրական կողմս Լիբանան եկած է 1931-ին: Պապս` մօրս հայրը, մեծահարուստ վաճառական եղած է, կորսնցուցած է է իր առաջին ընտանիքը, երկրորդ անգամ ամուսնացած է եւ ունեցած 4 երեխայ` 3 աղջիկ, 1 տղայ: 1931-ին օր մը թուրքերու հետ խնդիր ունեցած է եւ ըսած. “իմ երեխաներս մեծնալով` թուրքերու բաժին պէտք չէ ըլլան եւ որոշած են տեղափոխուիլ Լիբանան, ուր շատ հայեր կային: Ես 1970-1980-81թթ. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ մասնակցած եմ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան մարտերուն: 10 տարի ապրած եմ Լոս Անճելես, 10 տարի` Ֆրէզնօ: 1992-94թթ. “Խաչակիրներ” ջոկատի կազմէն մասնակցած եմ արցախեան պատերազմին. ջոկատը հիմնած ենք Սպիտակ Արջ մականունով Կարօ Քահքէճեանի հետ: Երեք ամիս կը մնայինք Ղարաբաղ, երեք ամիսով կ’երթայինք Ամերիկա եւ օգնութիւն կը հաւաքէինք զինուորներու համար` համազգեստներ, կօշիկներ, դեղորայք: Մօտ 750 հազար տոլարի օգնութիւն հասցուցած ենք, որուն մէկ մասը մեր անձնական միջոցներէն էր, աւելի շատը` եղած է Քալիֆորնիոյ հայութեան մեր ընկերներու աջակցութիւնը: Օգնութիւնը կը հասցնէինք օդային ճանապարհով, որ շատ դժուար էր, քանի որ կէս քկ. բեռը այն ժամանակ բաւական սուղ էր: Աւա՜ղ, 1993թ. Յունիս 26-ին`  ծնունդիս օրը, զոհուեցաւ մեծ հայրենասէր եւ իմ մարտական, գաղափարական ընկեր Կարօ Քահքէճեանը: Այսպիսի ճանապարհ անցած եմ. 1999-ին, ԱՄՆ-ի մէջ ամուսնալուծուելէն ետք, հաստատուած եմ Հայաստան եւ երկրորդ անգամ ամուսնացած եմ: Չորս տարի շինարարութեամբ զբաղած եմ “Արմենիա” հիւրանոցի մէջ: Կը զբաղիմ թարգմանութեամբ. օր մը աշխատանք ունիմ, օր մը` ոչ:

Ին՞չ մասնագիտութիւն ունիք, ի՞նչ դպրոց անցած էք, պարո՛ն Աճեմեան:

Զէնքը՛, պայքա՛րը եղած է մասնագիտութիւնս: 12 տարեկան էի, երբ սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, դպրոցները փակ էին, մէկ փողոցէն միւսը չէինք կրնար երթալ. ճիշտ այսօրուան Հալէպի դրութիւնն էր: Մեծցած եմ պատերազմի մէջ, եւ ամէն ինչ սորված եմ ինքնակրթութեամբ, ընթերցանութեամբ: Մեքենաներու վերանորոգման աշխատանք կատարած, ինքնազարգացմամբ շատ բանի հասած եմ: Կը տիրապետեմ 4-5 լեզուի:

15-16 տարի է, հաստատուած էք Հայրենիքի մէջ. երբեւէ մտածա՞ծ էք վերադառնալ ծննդավայր կամ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ:

Երբե՛ք: Երկու անգամ 16 տարուայ ընթացքին եղած եմ Ամերիկա, որմէ մէկ անգամը` աշխատելու նպատակով, բայց խելքս ու միտքս Հայաստանի մէջ էր: Ես  Երեւանիս աղբամանները, անտէր շուները ամբողջ աշխարհի հետ չեմ փոխեր: Սա՛ է իմ Հայրենիքս. վարդը սիրողը փու՛շն ալ կը սիրէ: Ազատամարտիկը իրաւունք չունի փախչելու Հայրենիքէն: Ես Եղեռնէն մազապուրծ եղած, Տէր Զօրի դաժան ճամբաները անցած հայերու ժառանգ եմ: Ես դաստիարակուած եմ Աստուածավախութեամբ, հայրենապաշտութեամբ, ինծի սորվեցուցած են զատել չարն ու բարին, հարամն ու հալալը: Ես մտած եմ Անթիլիասի Սուրբ Ստեփանոսի մատուռը, ուր Տէր Զօրէն բերուած սուրբ մասունքներ կան. ծունկի իջած եմ, ձեռքս դրած այդ մասունքներու, գանգերու վրայ եւ երդուած եմ մինչեւ կեանքիս վերջը օգտակար ըլլալ ազգիս ու Հայրենիքիս, լուծած ժողովրդիս վրէժը: Մանկութենէն երազած եմ տեսնել  ազատ, անկախ Հայաստանը:

Պարո՛ն Աճեմեան, ինչպէ՞ս կը նայիք ապրելակերպին, սոցիալական այլեւայլ խնդիրներուն առնչուող մարդոց դժգոհութիւններուն:

Ուրիշ տեղ աւելի լաւ չէ: Սփիւռքահայերէն շատերուն կը թուի, թէ Հայաստանը դժոխք է, իսկ հայաստանցիներուն կը թուի, թէ դուրսը դրախտ է: Ամէն տեղ նոյնն է. սա՛ է մեր Հայրենիքը: Ես սփիւռքահայ ըլլալով, այսօր տանիլ չեմ կրնար, չեմ կրնար հանդուրժել կեղծ, կիսատ-պռատ հայրենասէր սփիւռքահայերը: Յարգանք ունիմ 100-էն մէկ տոկոսի հանդէպ, ովքեր իսկապէս հայրենասէր են եւ իրենց խելքն ու միտքը, մէկ ոտքը այստեղ է` Հայրենիքի մէջ: Հայաստանը գրեթէ քառորդ դար է, որ անկախ է, ինչո՞ւ մենք Սփիւռք ենք, Սփիւռքի մէջ հայ մնալու նպատակը ի՞նչ է… Հայերէն խօսինք, հայու հետ ամուսնանանք, չձուլուինք եւ այլն. մինչեւ ե՞րբ հայը օտարի դրօշի տակ պիտի պայքարի, օտարի հողի վրայ պիտի արիւն թափի: Մենք Հայրենիք ունինք, մեր տեղը այստեղ է` Հայաստանի մէջ: Կը տեսնէ՞ք, թէ ինչ կը կատարուի. օր մը Հալէպն է, միւս օրը` Լիբանանը, օր մը` Իրաքը… Կը դիմեմ բոլոր հարազատներուս, ընկերներուս, ովքեր Սփիւռքի մէջ են` ներող եղէ՛ք, կիսահայրենասէր ըլլալ պէտք չէ, վե՛րջ տուէք, եկէ՛ք Հայրենիք:

Պարո՛ն Աճեմեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ի՞նչ մտորումներ ունեցաք. կը հաւատա՞ք, որ կու գայ օրը, երբ հայը ոտք կը դնէ Պատմական Հայրենիքի հողին:

Այս թեմայով ես շատ խօսած եմ. լըլլայ 5 տարի, 100 տարի, 1000 տարի, ամէն սերունդ պիտի գիտակցի իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը: Հայրս որբ մնացած է, ազգականս, ընկերներս բանտերու մէջ մնացած են, շատերը իրենց կեանքը զոհած են` թրքական կառավարութեան դէմ պայքարելով: Եղբայրս (հօրեղբօրս տղան) Լիզպոնի Սեդրակն է: Արա Քրճլեանը մանկութեանս ընկերն է, մարդ կայ` մինչեւ այսօր բանտի մէջ է, ինչպէս` Համբիկ Սասունեանը Ամերիկայի: Միւսներու անունները չեմ տար… Մենք պայքարող  սերունդ մըն էինք եւ պարտաւոր ենք յաջորդ սերունդին փոխանցել պայքարի ջահը, պահանջատիրութեան ջահը: Երբ հայը մոռնայ այդ օրը, չյիշէ ու չպահանջէ, թուրքը յաղթած կ’ըլլայ: Ըլլայ խաղաղ ձեւով, ըլլայ զէնքի ուժով, մենք պիտի պահանջենք, այդ ոգին պիտի փոխանցենք յաջորդ սերունդին, իսկ թէ Թուրքիան երբ կ’ընդունի, մենք երբ կը հասնինք մեր գերագոյն նպատակներուն, իղձերուն, անիկա արդէն ժամանակի հարց է. ազգերու պատմութեան մէջ 100 տարին կամ 500 տարին մէկ օր է,  պատմութեան մէկ էջը: Այսօր ապրող հայերս կ’ուզենք, որ 25 տարի առաջ անկախացած մեր երկիրը հասնի Ամերիկային ու Ֆրանսայի՞ն, կ’ուզենք մեր ազգային բոլոր հարցերը 20-25 տարուան մէջ լուծե՞լ… Չենք գիտեր, թէ վաղը ինչ կ’ըլլայ Թուրքիոյ մէջ: Ես կը հաւատամ, որ այդ նոյն Թուրքիան Հարաւսլաւիոյ նման կը մասնատուի: Մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք:

Ինչպիսի՞ն կ’ուզէիք տեսնել հայը:

Այս ժողովուրդը միշտ գանգատած է. Սովետի ժամանակ գանգատած է, Առաջին հանրապետութեան ժամանակ այնքան գանգատեցաւ, որ գլխուն բերաւ Կարմիր բանակ, Առաջին նախագահէն գանգատած է, երկրորդ, երրորդ նախագահներէն գանգատած է, փնթփնթացող ժողովուրդ է: Սերունդ պիտի փոխուի, այսօրուան սերունդին կը նայիմ եւ կը հաւատամ մեր վաղուան լաւ ապագային. 25-30 տարեկաններու հրաշալի սերունդ ունինք, 10-15 տարիէն քաղաքական բեմը անոնք պիտի ղեկավարեն: Նոր սերունդին կը նայիս, սիրտդ կը բացուի: Հայը պէտք է ձերբազատուի անձնասիրութենէն:

Իբրեւ ազատամարտիկ, հրամանատար` ի՞նչ կ’ըսէք Ղարաբաղի հարցի հանգուցալուծման հետ կապուած. արդեօք ազերիները կ’անցնի՞ն մարտական լայնամածաւալ գործողութիւններու:

Ատրպէյճանը վերջին 20 տարուան զոմբիներ ստեղծած է. անոնց լամուկները կը հաւատան իրենց ցնորքին, որ կը հասնին Երեւան, Էջմիածին: Մենք ալ մեր հերթին ստեղծած ենք այնպիսի սերունդ մը, որ ոչ միայն Ղարաբաղը կը պահենք, այլեւ Պաքու ալ կը հասնինք: Ատրպէյճանը իր իսկ արկածախնդրութեան զոհը պիտի դառնայ: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմին: Եթէ 20 տարեկան երիտասարդը իր 20 տարեկան զինուոր ընկերոջը կը թաղէ, ուրեմն պատերազմը դեռ չէ վերջացած: Եռաբլուրի մէջ ոեւէ 20 տարեկան զինուոր պէտք չէ թաղուէր: Ես վատ կը զգամ իբրեւ ազատամարտիկ. մենք պատերազմը չենք վերջացուցած, մենք դարձանք 50-60-70 տարեկան, իսկ մեր երեխաները դեռ մեր պատերազմը կը շարունակեն… Եթէ պատերազմ մըն ալ բռնկուի, ազերիները այնպիսի ծեծ կուտեն, որ Ղարաբաղի անունն ու տեղը կը մոռնան:

Եթէ, Աստուած մի արասցէ, պատերազմ ըլլայ, Ձեր տեսակը շա՞տ կ’ըլլայ` պատրաստ պայքարի, անձնազոհութեան:

Այսպիսի խօսք կայ` “չհաւնածդ քարը գլուխ կը ծակէ”: Այսօր երիտասարդները իրենք զիրենք համեստ, սուսուփուս կը պահեն, իրենց գործը կ’ընեն, բայց պահը գայ, բոլորը ոտքի կը կանգնին: 1994-էն մինչ այսօր ես շրջապատիս խրատներով, փորձառութեամբ երիտասարդներ կը պատրաստեմ: Ինչ կը վերաբերի իմ տեսակիս, ըսեմ, որ գաղափարի մարտիկները միշտ քիչ եղած են` Մոնթէ Մելքոնեան, Լէոնիտ Ազգալտեան, Կարօ Քահքէճեան, Մովսէս Կորկիսեանը…

Հազարաւոր ազատամարտիկներ կան, բայց գաղափարի մարտիկները շատ չեն եղած: Սահմանի մօտ ապրող, իր գիւղը, տունը պահող մարդն ալ ազատամարտիկ է:

Աւանդական դարձած հարցս` ի՞նչ է Հայրենիքը Ձեզի համար:

Հայրենիքը ինքնութիւնս է, անցեալս, ներկաս, ապագաս,  անձնագիրս: Հայրենիքը արեւաշող Հայաստանս է. Հայաստանը իմ պապս է, պապերուս պապը, նախնիներս եւ ե՛ս եմ Հայաստանը: Ան իմ պատմութիւնս է, հաւատքս ու հպարտութիւնս, նախնիներէն շնորհուած օրհնանքն է ժառանգներուն` չխոնարհուելու եւ հպարտ ըլլալու համար: Հայաստանը իմ արցունքս է, ժպիտս, իմ աղօթքս, յոյսս ու հաւատքս: Ապագայի մշակն եմ ես, ինչ ցանեցի ու կերտեցի այսօր, վաղն ինձմէ ետք կը ժառանգեն նոր սերունդները եւ կ’ունենան իմ փոխանցած Հայաստանը: Կը սիրեմ քեզի, ի՛մ Հայաստան, ես ամուր օղակդ եմ ներկայիդ, անցեալիդ եւ ապագայիդ միջեւ:

Կարինէ  Աւագեան

Scroll Up