Տեղի կ’ունենայ «Կ’երգենք Կոմիտաս» փառատօնի շքահամերգը

Սեպտեմբեր 25-ին, ժամը 19:00-ին, Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական մշակութային փառատօնի ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Կ’երգենք Կոմիտաս» փառատօնի շքահամերգը, որուն կը  մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 12 երկրէ ժամանած երգչախումբեր, պարախումբեր եւ անհատ կատարողներ: (հասցէ` Իսահակեան փողոց 1 ):

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ելոյթ կ’ունենան նաեւ օտար կատարողներ` Յորդանանի ազգային նուագախումբը Յորդանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Մուհամմետ Օթմանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ ճափոնցի տաւղահար Ուլալա Ինոուէն եւ շուէտ դաշնակահար Վիլլունտ Անն-Քրիստինէ Օթիլիան:

Scroll Up