Տիարպեքիրի մէջ ինքնաշէն ռումբի պայթիւնին հետեւանքով կոտրուած են հայկական եկեղեցւոյ պատուհանները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/Դիարբեքիր1.jpg)
Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ անհանգիստ վիճակը կը շարունակուի: Տիարպեքիրի Սուրի շրջանին մէջ գտնուող հայկական պատմական Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մօտակայքը ինքնաշէն ռումբ պայթած է, որուն հետեւանքով կոտրուած են եկեղեցւոյ ապակիները: Թրքական «aktifhaber» լրատուական կայքի համոզմամբ` ռումբը տեղադրած էին «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) զինեալները: Այս մասին «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Բացի այն, որ եկեղեցւոյ ապակիները կոտրուած են, եկեղեցւոյ ցուցանակին վրայ յայտնաբերուած են փամփուշտներու հետքեր:
Շրջանի Հասըրլը թաղամասի շարք մը փողոցներուն մէջ յայտնաբերուած են ականանետեր: Այժմ կը պարզուին դէպքի մանրամասները: