100 մեթրանոց Եռագոյնը ծածանեցաւ Նեմրութի բարձունքին. լուսանկարներ
Մեծ Եղեռնի խորհուրդը կրող` 100 մեթրանոց Եռագոյնը ծածանեցաւ Նեմրութի բարձունքին` հին հայկական սրբավայրին մէջ:
Օգոստոս 12-ին հնագոյն հայկական Ամանորի տօնի` Նաւասարդի առիթով Մեծ եղեռնի խորհուրդը կրող Եռագոյնը ծածանեցաւ նաեւ Նեմրութ լերան բարձունքը գտնուող հայ աստուածներու յուշարձաններէ խումբ կազմուած հին հայկական սրբավայրին մէջ: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօր»-ի` կը յայտնէ Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ֆոթոլրագրող, «Տիգրան Մեծ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Սրապիոն Գէորգեան, որ նաեւ 100 մեթր երկայնք ունեցող Եռագոյնի հեղինակն է:
Օգոստոս 12-ի առաւօտեան հայ զբօսաշրջիկներէ կազմուած ուխտաւորներու խումբը սկսած է նուաճել լերան բարձունքը, որմէ յետոյ` հնագոյն հայկական սրբավայրին շուրջ պարզելով Մեծ եղեռնի խորհուրդը կրող դրօշը, շրջան կազմած է եւ 100 վայրկեան լռութեամբ յարգած Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Օգոստոս 11-ին «Տիգրան Մեծ» հիմնադրամը յաջողած է Եռագոյնը ծածանել նաեւ պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի Մոկք նահանգի Միջա գաւառին մէջ, Սարիխաչ լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին, Ապարանէն Սուրբ Խաչ վանքի յայտնի խաչքարերուն շուրջ, որոնք իրենց 12-14 թոն կշիռքով եւ 6 մեթր բարձրութեամբ ոչ միայն աշխարհի ամենամեծ խաչքարերն են, այլ նաեւ հայ ազգի երբեմնի հզօր ուժի վկան:
Նշուած նախաձեռնութիւնները հնարաւոր եղած է իրականացնել «Ախթամար տուր» գործակալութեան աջակցութեան շնորհիւ: