ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Այնճարի (Լիբանան) քաղաքապետ Կարօ Փամպուկեանը
Օգոստոս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի Այնճար հայաբնակ աւանի քաղաքապետ Կարօ Փամպուկեանը` ուղեկցութեամբ հայաստանաբնակ մուսալեռցի Գաբրիէլ Փանոսեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ հպարտութեամբ ընդգծեց, որ Այնճար բացառիկ հայաշունչ եւ հայաբոյր վայր է, որ պահպանած է իր հերոսական մուսալեռցի նախնիներու հզօր ու կամային ոգին, հայօրէն ապրելու եւ արարելու կենսակերպը: Նախարարը ընդգծեց, որ Այնճար հայութեան հաւաքական միասնականութեան փայլուն օրինակ է եւ կը հաստատէ, որ հայն անպարտելի է, եթէ կը գործէ միակամ ու միասնական:
Կարօ Փամպուկեան իր եւ բոլոր այնճարցիներու անունով խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Հրանուշ Յակոբեանին` իրենց յուզող հարցերուն հանդէպ սրտցաւ, գործուն, անմիջական վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ գնահատանքի եւ քաջալերանքի ջերմ խօսքերուն համար: Ան նախարարին տեղեկացուց, որ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները արդէն իսկ սկսած են Այնճարի պատմական բերդէն եւ կը շարունակուին ինչպէս Այնճարի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ եւ աշխարհի բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր կ’ապրին մուսալեռցիներ: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ այս նշանակալի առիթով կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, գիրքերու եւ ֆիլմերու շնորհանդէսներ, մեծարանքի ու յիշատակի երեկոներ, գիտաժողովներ, քայլարշաւներ, ժողովրդական մեծ տօնախմբութիւններ:
Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Մուսա լերան հորոսամարտը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենահերոսական դրուագներէն է եւ անոր 100-ամեակի պատշաճ նշումը կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ հայութեան միասնականութեան եւ տոկունութեան ամրապնդման, ազգային ոգիի բարձրացման եւ ապագայի տեսլականին հասնելու հաւատքի ամրապնդման առումով:
Քննարկուեցան տօնակատարութիւններուն հետ կապուած կազմակերպչական շարք մը հարցեր: