Մեկնարկեց «Արի տուն» Ծրագիրի 7-րդ Փուլը
Օգոստոս 11-ին մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 7-րդ փուլը:
Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ ողջունել ձեզ Հայրենիքում: Վստահ եմ, որ այս օրերի ընթացքում աւելի լաւ կը ճանաչէք Հայրենիքը, աւելի շատ կը սիրէք այն: Նաեւ կը բարեկամանաք իրար հետ եւ այդ մտերմութիւնը կը շարունակէք նաեւ յետագայում»:
Նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներու ծնողներուն եւ հիւրընկալ ընտանիքներուն վստահութեան, համագործակցութեան համար:
Ծրագիրի 7-րդ փուլին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են 80 պատանի եւ աղջիկ Ռուսաստանի Դաշնութենէն, ԱՄՆ-էն, Հոլանտայէն, Պելճիգայէն, Գերմանիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Ուզպեկստանէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն:
Ծրագիրի մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրերուն, կ’ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կ’առնեն Հայրենիքի մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Ծրագիրի վերջաւարութեան ճամբարային 5 օրերը մասնակիցները կ’իրականացնեն Ծաղկաձորի մէջ: