Թուրքիա Մտադիր Է Պատժամիջոցներ Կիրառել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Երկիրներուն Նկատմամբ

Անգարան կը սկսի համապատասխան քայլեր ձեռնարկել որոշ երկիրներու դէմ, որոնք 1915-ի իրադարձութիւնները որակած են որպէս ցեղասպանութիւն, ըստ armeniangenocide100.org-ի՝ կը հաղորդեն թրքական Sabah թերթի դիւանագիտական աղբիւրները:

Խստօրէն հրաժարելով 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն որակելէն` Անգարան տնտեսական պատժամիջոցներ պիտի կիրառի այս տարուան Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Աւստրիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի հանդէպ:

Թուրքիան ետ կանչած էր Վատիկանի, Աւստրիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի իր դեսպանները, երբ այդ երկիրները յայտնեցին 1915-ի վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումները, եւ ըստ թերթին աղբիւրներուն` դեսպանները Թուրքիոյ մէջ պիտի մնան մինչեւ Սեպտեմբեր: Անգարան նաեւ պիտի չթարմացնէ իր երկկողմ համաձայնագիրները այն երկիրներուն հետ, որոնք ճանչցած էին Ցեղասպանութիւնը:

Scroll Up