Ռումինիոյ Նախագահը Կոչ Ըրած Է Ապրիլ 24-ը Յայտարարելու Ցեղասպանութիւններու Օր

Ապրիլ 24-ին, «Հայերու պատմական ողբերգութեան 100-ամեակի յիշատակման առիթով» Ռումինիոյ նախագահը առաջին անգամ հայերուն յղած է ուղերձ, ուր Թուրքիոյ կոչ ըրած է ճանչնալու հայերու ողբերգութիւնը, իսկ խորհրդարանին կոչ ըրած է Ապրիլ 24-ը յայտարարելու ցեղասպանութիւններու օր: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:

«Հայ ժողովուրդի ողբերգութեան ճանաչումը կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ է ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, ռասիզմը եւ այլատեացութիւնը արմատախիլ ընելու համար»,- ըսած է նախագահ Քլաուս Եոհաննիսը:

«1915թ. ողբերգական իրադարձութիւներէն մէկ դար անց իմ խոնարհ յարգանքս կը բերեմ հայ ժողովուրդի զոհերուն, որոնք անցեալ դարու սկիզբէն տասնամեակներով դիմադրած են պատմական աղէտներուն եւ դժուար փորձութիւններուն: Հարիւր հազարաւոր անմեղ հոգիներ զոհուեցան այդ սարսափելի յանցագործութեան ժամանակ, որ կը ստուերէ մարդկութիւնը եւ որ մեզի կը ստիպէ այսօր ճանաչման եւ հաշտեցման», – կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ նախագահին, հայ ժողովուրդի վերապրած ողբերգութեան յիշատակումը եւ իրազեկումը պարտադիր քայլ է աշխարհի համար, որպէսզի դասեր քաղուի անցեալէն: «100 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան պատմական ծաւալի ճանաչումը կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ է` ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, ռասիզմը եւ այլատեացութիւնը արմատախիլ ընելու համար: Զոհերու հանդէպ յարգանքը կը ստիպէ մեզի մեր մտքերը ուղղելու բոլոր անհետացածներուն եւ լուռ աղօթելու անոնց համար: Թող որ զոհերու յիշատակը յաւերժ մնայ մեր սրտերուն մէջ», -կը նշէ նախագահ Եոհաննիսը իր ուղերձին մէջ:

Նոյն օրը, Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Ռումինիոյ պատգամաւորներու պալատի մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը:

«Ապրիլ 24-ին կը լրանայ 1915թուականի Թուրքիոյ արեւելքը հայերու դէմ կոտորածի 100-ամեակը, որ պատճառեց 1 միլիոն 200 հազար մարդկային զոհեր: Մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը պիտի չմոռցուի, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանսիս պապը, որովհետեւ անիկա 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է, եւ նախորդած է նացիստներու եւ Սթալինի կողմէ իրագործուած այլ ցեղասպանութիւններուն»,-կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Պատճառը, որ ամէն տարի պէտք է ոգեկոչենք այս արգահատելի արարքը, նոյնինքն այն է, որ «չարը պահելը կամ ժխտելը վէրք է, որ կը շարունակէ արիւնահոսիլ, եթէ չես վիրակապեր,-ինչպէս կը յայտարարէ Հռոմի պապը Ապրիլ 12-ին:

Թէեւ Թուրքիան մինչեւ այժմ չէ ճանչցած ցեղասպանութիւնը, թրքական կառավարութեան անդամները Թալէաթ փաշայի գլխաւորութեամբ այդ ժամանակ գաղտնիօրէն գործի անցած են հայերու ոչնչացման ծրագիրը:

Ապրիլ 15-ին Եւրոպական Խորհրդարանը եւրոպական բոլոր մեծ կուսակցութիւններու աջակցութեամբ ընդունեցաւ ոգեկոչման վերաբերեալ որոշում, որ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու միջոցով Հայաստանի հետ հաշտութեան ուղի բանալ: Առաջին անգամ Եւրոպական Խորհրդարանի որոշման միջոցով 1915-1917 թուականներու Օսմանեան կայսրութեան հայերու դէմ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները կը բնորոշուին որպէս ցեղասպանութիւն, կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Կը գտնենք, որ ինչպէս որ Ռումինիոյ մէջ կը յիշատակուի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հրեաներու եւ գնչուներու հոլոքոսթը, եկած է ժամանակը Ռումինիոյ մէջ նշելու նաեւ հայերու դէմ ցեղասպանութիւնը, ներառեալ օրէնսդրական նախաձեռնութեան ձեւով Ապրիլ 24-ը մարդկութեան դէմ ցեղասպանութեան յիշողութեան օր յայտարարելու միջոցով», -կ՛առաջարկէ Ռումինիոյ պատգամաւորներու պալատի մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը:

Scroll Up