Աւստրիան Կարեւոր Ներդրում Կատարեց Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւններու Կանխարգիլման Վեհ Գործին. ԱԳ նախարար

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ողջունած է Աւստրիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի առիթով ընդունուած յայտարարութիւնը:

Ինչպէս ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն կը տեղեկացնեն, նախարարին յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Հայաստանը կ՛ողջունէ Աւստրիոյ Հանրապետութեան օրէնսդիր բարձրագոյն մարմնին` խորհրդարանին կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հանդէպ իրագործուած ցեղասպանութեան 100-­ամեայ տարելիցի կապակցութեամբ ընդունուած յայտարարութիւնը:

«Աւստրիոյ խորհրդարանը կ՛ընդգծէ, որ մեկնելով պատմական պատասխանատուութենէն` Աւստրո-հունգարական միապետութիւնը առաջին աշխարհամարտին կը դաշնակցէր Օսմանեան կայսրութեան հետ, իր պարտականութիւն կը համարէ այս սարսափելի իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալ ու դատապարտել: Աւստրիոյ խորհրդարանը իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ, որ նոյնպէս եւ Թուրքիոյ պարտականութիւնն է հայերու հանդէպ իրագործուած յանցագործութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալը:

«Այս քայլով Աւստրիան կարեւոր ներդրում կատարեց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին»:

Scroll Up