«Առաջ Հայրենիքս Երազ Էր, Իսկ Հիմա` Հալէպը` Իմ Քաղցր Ծննդավայրս». Աղաւնի Քեւրանեան

«Հայաստան մեզի համար երազ էր, Արարատը` հեքիաթ, եւ այսօր իրական են այդ երազն ու հեքիաթը»

Ո’չ սուրիահայերը, ո��?չ ալ մենք`հայաստանաբնակներս, երբեւէ չէինք կրնար պատկերացնել, թէ մեր օրերուն հայրենադարձութեան այսպիսի  ալիք մը պիտի բարձրանար: Աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար Հայաստան-հայրենիք բառերու արտաբերումն անգամ անափ յուզումի, կարօտի անբացատրելի զգացում մը կ’առաջացնէ. շատերուն համար հայրենիքը երազ է միայն: Այդ երազը իրենց հոգիին մէջ տարիներ շարունակ փայփայած շատ հայորդիներ հայրենադարձուած են եւ իրենց նոր բոյնը հիւսած` հայեացքները Արարատի ադամանդափայլ գագաթին յառած: Թէեւ սուրիական` անվերջանալի թուացող պատերազմին պատճառով, կեանքին սպառնացող վտանգի պարտադրանքով, այնուամենայնիւ, հայրենիք հանգրուանեցին շատ սուրիահայեր եւ փորձեցին նոր կեանք սկսիլ, ընտելանալ նոր միջավայրին: Ոմանք աշխատանք գտան, ոմանք դեռփնտրտուքներու մէջ են, երեխաները մանկապարտէզ ու դպրոց կը յաճախեն, երիտասարդներէն շատերը ընդունուած են բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, եւ  փոքրիկ Հալէպ մը  շունչ առած է քաղաքամայր Երեւանի մէջ: Բազմաշնորհ սուրիահայ կանայք ու աղջիկները, հարսերը հայրենիքի մէջ ալ կը շարունակեն աւանդական ասեղնագործութիւնը, ձեռագործը, ճաշատեսակներու անուշեղէն պատրաստելը, որոնց մասին տեղացիներս շատ  լսած էինք, նաեւ` երբեմն ճաշակած: Ձեռքի աշխատանքն ալ, անշուշտ, հայկական ընտանիքը պահպանելու մշակոյթի մէկ մասն է:Հերթական անգամ սուրիահայ ընտանիք մտնելուս այլեւս չզարմացայ` տեսնելով սեղանին, բազմոց փռուած` կարծես անձեռակերտ աշխատանքներ, այլ կրկին առի աւանդոյթի բոյրը. այո, այո`հայկական աւանդոյթի բոյրը…

Իմ հարցազրոյցս հերոսուհիներուն` հարսին` Աղաւնի Քեւրանեանի ու կեսրոջ` տիկին Մարի Սեդրակեանի հետ ծաւալեցաւ հետաքրքիր ու թերեւս ` քիչ  թախծալուր զրոյցը:

Աղաւնի Քեւրանեան – Հինգ ամիս է, որ Հայաստան եկած ենք: Շատ սպասեցինք, որ պատերազմը աւարտէ, վտանգը անցնի, սակայն չեղաւ: Երկու աղջիկներէս մեծը արդէն կ’աւարտէր 12-րդ դասարանը եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար պէտք է դուրս գար մեր թաղամասէն, որ շատ վտանգաւոր էր, փոքրս դեռեւս միջնակարգ կը յաճախէր: Ամուսինս` Արամ Աթթարեան, շարժիչներու մասնագէտ է: Տան մէջ միայն ինք կ’աշխատէր, եւ բոլորս ապահով կ’ապրէինք: Յետոյ սկսաւ վախի, տագնապի զգացումներու անվերջանալի թուացող ժամանակը` սուրիական պատերազմը: Որոշեցինք գալ Հայրենիք, որուն մասին միշտ լսած էինք դեռ մանկութենէն. Հայաստան մեզի համար երազ էր, Արարատը` հեքիաթ, եւ այսօր իրական են այդ երազն ու հեքիաթը, արդէն մօտ են ու շատ ջերմ: Դրախտ է Հայաստան, միայն թէ տնտեսական վիճակը բարելաւուի: Կը շարունակեմ ասեղնագործել, գործել… Իմ գործերուս ձեւաւորումը ես կ’ընեմ, ասեղնագործած եմ Սուրբ Էջմիածինը, մեր Արարչագործ այբուբենը, կը գործեմ նաեւ պլուզներ, տօնածառի եւ այլ խաղալիքներ, մանուկներու համար մաշիկներ, կը յաճախեմ զբօսավարութեան դասընթացներու: Մեծ աղջիկս կը յաճախէ Ճարտարագիտական համալսարան, փոքրս կը յաճախէ Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցի 9-րդ դասարանը: Մեծ աղջկաս ուսման վարձին  մեծ մասը բարեգործութեամբ կը լուծուի: Ամուսինս ելեկտրականութեան հետ կապուած մանր-մունր գործեր կ’ընէ, կեսուրս ալ կը գործէ, ճաշեր կը պատրաստէ: Այսպէս ալ կ’ապրինք եւ կ’ուզեմ անկեղծ ըլլալ` պատերազմը աւարտելէ ետք կը վերադառնանք մեր սիրելի ծննդավայր, բայց  տուն մը այստեղ կը հիմնենք, որ մշտապէս Սուրիա-Հայաստան կապի մէջ ըլլանք: Այսուհետ դժուար  կ’ըլլայ Հայաստանէն հեռու ապրիլը: Հալէպի մէջ տուն ունինք, հարազատներ, դպրոցներ, պատմամշակութային յուշարձաններ… Շա՜տ կը կարօտնանք Հալէպը, պատմելու բան չէ… Ես չեմ կրնար ըսել, թէ որ մէկը  հոգիիս ու սրտիս մէջ ամենամեծ տեղը կը գրաւէ` Հայաստանը, թէ` Հալէպը… Սիրելի են թե’ ծննդավայրս, թե’ Հայրենիքս: Մէկուն մէջ ծնած եմ, միւսին մասին` միշտ երազած կարօտով: Առաջ Հայրենիքս երազ էր, իսկ հիմա` Հալէպը` իմ քաղցր ծննդավայրս:

Մարի Սեդրակեան – Յոյսով կ’ապրինք, որ օր մը Սուրիան կրկին կը ծաղկի, խաղաղութիւն կը հաստատուի: Ես մէկ տղայ եւ երկու աղջիկ ունիմ. Աղջիկներէս մէկը այժմ Իտալիա կ’ապրի, միւսը` Լիբանան: Աղջկաս ընտանիքը 20 տարի Իտալիա էր, եկան Լիբանան, տուն գնեցին, սակայն 1-2 ամիս անց սկսաւ պատերազմը, եւ աղջկաս ամուսինը որոշեց, որ ետ երթան Իտալիա: Հայու ճակատագիրն է… Հայրենիք  եկած ենք, որուն կարօտով շատ ապրած ենք, Հայրենիքը մէկ է, միակն է ու անփոխարինելի ծնողի նման: 50 տարի առաջ, երբ դեռ շատ չէին երթար գար Հայրենիք, կը խնդրէի եկողներէն, որ ափ մը հող բերեն Հայրենիքէս, հիմա կանգնած եմ այդ փափաքած հողին վրայ: Երանի՜ անոր, որ Հայրենիք ունի, որո՞ւն պէտք է անհայրենիք մարդը:

Եւ կ’ապրին այսպէս մեր սուրիահայ հայրենակիցներըիրենց շնորհաշատ մատներով ասեղնագործելովհիւսելով երկինքէն թափուող մանանայի բոյր ունեցող ծննդավայրի կարօտով, անոր ներկայով ու կրկին ծագող ապագայի յոյսով:

Կարինէ Աւագեան

1 2 3 4 6 7

Scroll Up