Հայերը կը միացնեն Իրաքը
Հայերն Այսօր-ի փոխանցմամբ www.kitabat.com կայքէջին մէջ Համզա Ալճանապին կը գրէ.
Պաղտատի ժամանակով ժամը 19:30- ին հինգշաբթի` 23-Ապրիլին` եւ ճիշդ նոյն պահուն աշխարհով մէկ հայկական եկեղեցիներու զանգերը ղօղանջեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100 –րդ տարելիցին առթիւ, որուն զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոն հայեր:
Նոյն օրը Պաղտատի մէջ հայերը հաւաքուեցան թրքական դեսպանատան առջեւ Իրաքի դրօշները պարզած, ցոյցը կազմակերպուած էր հիանալի կերպով հայոց ակումբի սկաուտներու ուղեկցութեամբ:
Ցուցարարները պարզած էին պաստառներ, որոնք կը դատապարտէին այդ սեւ թուականը եւ կը պահանջէին թուրքիայէն զերծ մնալ Իրաքի ներքին քաղաքական հարցերուն մէջ միջամտելէն:
Ցուցարարները կանք առին թրքական դեսպանատան առջեւ, ուր կարդացուեցաւ յայտարարագիր եւ պահանջուեցաւ դեսպանէն կամ անոր ներկայացուցիչէն դուրս գալ ստանալու յայտարարագիրը, որ կը պահանջէ թուրքիայէն ճանաչում եւ հատուցում. սակայն դեսպանատան դռները փակ պահուեցան եւ թրքական դրօշը իջեցուեցաւ շփոթ ստեղծելու ցուցարարներուն մօտ, որ սխալ հասցէ եկած են, սակայն յատարարագիրը ցուցարարները փակցուցին դեսպանատան ցանկապատին վրայ:
Հայերու այս ցոյցը անմիջական չէր, այլ ուսումնասիրուած եւ լաւ կազմակերպուած էր. որուն միջոցով իրենց ձայնը փորձեցին հասցնել համայն աշխարհին որ այսօրուան թուրքերը Օսմանեան պետութեան ժառանգներն են, որոնք կը շարունակեն իրենց նախնիներու նոյն ուղին, որոնք իշխեցին Իրաքը աւելի քան 400 տարի, եւ այսօր կ’աջակցին ծայրայեղական խմբաւորումներուն, հեշտացնելով անոնց ներխուժումը Իրաքի եւ Սուրիոյ քաղաքներ եւ առանց դիւզն զգացումի, որ անոնք կը սպաննեն հենց իրենց կրօնակից եղբայրները:
Թուրք քաղաքական գործիչները այսօր կ’երազեն իրենց վաղեմի գրաւած տարածքներուն վերատիրանալու մասին, ի հաշիւ ժողովուրդներու տառապանքներուն:
Հայերը իրենց ազգային պատկանելիութիւնը պահպանելով հանդերձ ցոյցի ընթացքին պարզեցին միայն իրաքեան դրօշներ, Իրաքի միացեալ խօսքը եւ ձայնը բարձրացնելու եւ իրենց հաւատարիմ պատկանելիութիւնը ցուցաբերելու այս երկիրին հանդէպ: