Հայոց արտաքսումը, որպէսզի յիշենք եւ պահանջենք. Արաբական մամուլ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/genocide.jpg)
«Հայերն Այսօր»-ի տեղեկացմամբ «ԷլՍեֆիր» արաբական կայքին մէջ Մուհամէտ Էլ Նուր կը գրէ, որ այս շաբաթ կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ճիշդ մէկ դար առաջ մարդկութեան պատմութեան մէջ պատահեցաւ ամէնէն քստմնելի ջարդերը, որ Միջազգային օրէնքներու չափանիշներով «ցեղասպանութիւն» կ’որակուի:
Այն ժամանակուան ներքին գործոց նախարարին կողմէն պաշտօնական հրամանագիրով մը որոշուած է արտաքսել իւրաքանչիւր հայու ի մասնաւորի տղամարդոց:
Արտաքսման գագաթնակէտը Ապրիլ 24 1915թ.ին էր, որ տեւեց մօտ երկու տարի, հայկական տուեալներուն համաձայն սպաննուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր «Իթթիհատ Ալ Թարաքի» կուսակցութեան իշխանութեան անմիջական հրամանով:
Այդ թիւին կը հակադրեն թուրքերը սակայն կ’ընդունին, որ ան նուազ չէ քան կէս միլիոն շունչի: Անոնք կ’ամբաստանեն հայերուն համագործակցելու ռուսական բանակին Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, սակայն իրականութիւնը բոլորովին ուրիշ էր:
Այդ կոտորածները կապ ունին այլակարծութեան անհանդուրժողականութեան հետ: Անիկա Օսմանեան մօտեցում է, սկսած սուլթան Սալիմ ա.ի եւ իր յաջորդը` սուլթան Սուլէյմանի օրերէն Ալաուիներու ջարդերով երբ ամբաստանեցին անոնց համագործակցելու Սաֆաուիական Պարսկաստանին հետ, եւ մինչեւ կարմիր սուլթան` Ապտուլ Համիտ բ. Երր հիմք դրուեցաւ հայերու կոտորածներու շարանին Օսմանեան կայսրութեան մէջ:
Քամալ Աթաթուրքն ալ չէր տարբերիր իր նախնիներէն, նոյնիսկ Էրտողանը, առաջինը իր «Երանի անոր որ կ’ըսէ ես թուրք եմ» իսկ երկրորդը, որ «Թուրքիոյ մէջ չկայ քրտական հարց»:
2009 թ.ին Չինաստանի ՇնկԵանկ նահանգին մէջ տեղի ունեցաւ բախումներ «Ույկուր» փոքրամասնութեան եւ ամբոխին միջեւ , որուն հետեւանքով սպաննուեցան մօտ 200 հոգի, այդ դէպքը զայրացուց Թուրքիոյ վարչապետին (օրին) Էրտողանին, որակեց զայն «ցեղասպանութիւն»:
Հակառակ անոր, որ այդ բախումները տեղի չունեցան Չինաստանի իշխանութիւններու հարմանով այլ զայրացած ամբոխի պատճառով, 200 հոգին բաւարար էր Էրտողանը որակելու զայն ցեղասպանութիւն , իսկ կէս միլիոն սպաննուած հայերը իրենց տուեալներով բաւարար չէ ընդունելու զայն իբրեւ ցեղասպանութիւն, աւելցնենք նաեւ, որ հայերու կոտորածները կատարուեցան պետական հրամանագիրով:
Էրտողան 2009 թ.ի 8 Նոյեմբերին, ըսաւ թէ «Իսլամը ցեղասպանութիւն չիրագործեր եւ նոյնիսկ չսպաններ», սակայն ան կ’արդարացնէ «ՏԱԱԵՇ»ի ահաբեկչական գործողութիւնները որակելով զանոնք «ժողովրդական հասկնալի ընդդիմագործութիւն»:
2007թ.ին օրը ցերեկով սպաննուեցաւ հայ լրագրող Հրանդ Տինք եւ ցայսօր բացայայտուած չեն ոճիրի իսկական պատասխանատուները, նոյնիսկ հայ գրող Էթեան Մահճուպեան, որ նշանակուած է վարչապետի խորհրդական ըսած է , որ այդ կոտորածները կարելի է որակել միայն ցեղասպանութիւն:
Ցեղասպանութիւնը սոսկ պատմական դէպք մը չէ այլ արժէքներու հարց եւ մարդասիրական եւ բարոյական չափանիշներով: