Միջին արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնները կը դատապարտեն Թուրքիան՝ պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Միջին արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէյի մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնները կը դատապարտեն Թուրքիան պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Հայերն Այսօր-ի փոխանցմամբ www.aztagarabic.com -ը կը յայտնէ, որ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնները  յայտարարութիւն  տարածած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով.. կը մեջբերենք

Այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին մեր ձայնը կը միացնենք եւ մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք համայն հայ ժողովուրդին այն բնաջնջման ծրագիրին, որուն ենթարկուեցան 1915 թ.ին. եւ որուն ոգեկոչումը կը կատարուի ամէն տարի Ապրիլ 24-ին:

Մենք կը պահանջենք նախագահ Էրտողանէն եւ վարչապետ Տաուտ Օղլուէն որ ճանչնան ցեղասպանութիւնը եւ ընդունին Թուրքիոյ կառավարութեան պատասխանատոււթիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ ահռելի յանցագործութիւններուն:

Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը յայտնի է բոլորին…Երիտթուրքերու կառավարութիւնը քաջալերուելով եւ պատրուակ ունենալով պատերազմը եւ նոյն ատեն մտահոգ ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան փլուզումով, հայերը համարեց պետութեան սպառնացող տարր, հետեւաբար ան որոշում կայացուց իր հայ հպատակները բնաջնջել:

1915 թ. Ապրիլէն սկսեալ կազմակերպուեցաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան գործողութիւնները… Երիտթուրքերը  զանգուածային ձեւով տեղահանեցին եւ բնաջնջեցին  աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններուն մէջ:

Եւ հակառակ այս փաստին Թուրքիոյ իրարայաջորդ կառավարութիւնները մերժեցին ընդունել ու հատուցել1915 թ. կատարուածը:

Թուրքիոյ հասարակութեան մեծամասնութիւնը անտեղեակ է ցեղասպանութեան իրողութենէն:

Այսօր Թուրքիոյ կառավարութիւնը երբ կը հաւակնի աշխարհին ներկայանալ, իբրեւ օրինակելի պետութիւն եւ շատ անգամ իբրեւ  պաշտպան մարդու իրաւունքներու իսլամական աշխարհին մէջ, կրնայ այսօր իւրայատուկ ընթացք մը ունենալ եթէ խոստովանի կատարուած յանցագործութիւնները իր երկրին մէջ:

Մենք Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկայի մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներս կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ կառավարութեան, որ ընդունի այն դաժանութիւններու մեծութիւնը, որ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին հանդէպ 100 տարի առաջ, քանի որ առանց իրականութիւնը խոստովանելու եւ հաշուեյարդար չըլլալու յանցագործութեանց հանդէպ դժուար պիտի ըլլայ ճշգրիտ ընթացք տալ յարգանքի, զիջողականութեան եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան համայն աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային  Ափրիկէյի մէջ:

Ստորագրած են՝

-Եգիպտոսի Անձնական Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Նախաձեռնութիւն:

-Գահիրէի Մարդոց Իրաւունքներու Ուսումնասիրութեանց Կեդրոն:

-Եգիպտոսի Մարդկային Իրաւունքներու Տեղեկատւութեանց Ցանց:

-Բռնութեան եւ Խոշտանգումներու  «Ալ-Նատիմ» Վերապատրաստման կեդրոն:

-«Թամքին» Օրէնքի Օգնութիւն:

-Ամազիղեան Համաշխարհային Հաւաք:

-«Հալէպ» Ազգայի Բարեգործական Կազմակերպութիւն:

-Մարրոքոյի Ամազիղական Միութիւններու Ազգային Դաշնութիւն:

-Առանց Սահմաններու փաստաբաններ:

Scroll Up