Գերմանիոյ պետական քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ չի փոխուիր. Ժիրայր Քոչարեան

Գերմանիոյ պետական դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի առնչութեամբ փոփոխութեան չէ ենթարկուած եւ, ինչպէս տասնամեակներ առաջ, այսօր ալ եթէ Գերմանիոյ խորհրդարանը որեւէ բանաձեւ ընդունի, ապա բովանդակութիւնը պիտի ըլլայ անհասկնալի եւ որեւէ բան չըսող: Տեսակէտը Գերմանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յանձնախումբի անդամ, Պեռլինի պետական ազատ համալսարանի դասախօս, հայագէտ Ժիրայր Քոչարեանինն է:

«Արմէնփրէս»-­ի փոխանցմամբ` Քոչարեան վստահ է, որ այս տարի Պունտեսթագի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ օրինագիծը չի քննարկուիր: Անոր ունեցած տեղեկութիւններով չի բացառուիր, որ հարցը օրակարգ մտնէ 2016­ին, սակայն հաւանականութիւնը մեծ է, որ նոր բանաձեւին մէջ ալ «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը կը բացակայի:

Քոչարեան կը յիշեցնէ, որ թրքական լոպինկը շատ ուժեղ է Գերմանիոյ մէջ: Բացի այդ, արդէն երկու դար է Գերմանիան եւ Թուրքիան դաշնակիցներ են: «Օրինակ` 1955թ. Գերմանիան ընդունեց ՄԱԿ­ի ցեղասպանութիւններու դատապարտման պայմանադրութիւնը, իսկ երկու տարի անց, ՆԱԹՕ­-ի կազմին մէջ հսկայական գումարներ յատկացուց թրքական բանակին: Գերմանա-­ թրքական յարաբերութիւնները ամուր թելերով կապուած են գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ այդ երկրին մէջ ապրող 4 միլիոն թուրքերը լուրջ ազդեցութիւն կ’ունենան երկրի արտաքին քաղաքականութեան վրայ, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան հարցի առնչութեամբ»,­ ըսաւ Քոչարեան` աւելցնելով, որ իրականութեան մէջ Գերմանիոյ հետ աշխատանքը պէտք է աւելի սերտանայ, քանի որ եթէ պետական մակարդակի վրայ դիրքորոշման փոփոխութիւնը շատ յստակ չերեւիր, հասարակական եւ գիտական մակարդակի վրայ շատ յստակ է:

Պեռլին բնակող Քոչարեան կը յիշէ, որ տասնամեակներ առաջ իրեն եթէ հարցնէին «միթէ՞ դեռ հայեր կան աշխարհի վրայ», այսօր անգամ անոր բժիշկը կը հետաքրքրուի, թէ թուրքերը երբ պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ասիկա կարեւոր բան է, եւ ասոր վրայ պէտք է աշխատիլ»,­ ըսաւ Քոչարեան` աւելցնելով, որ իրականութեան մէջ միայն դուրսի աչքով  հեշտ կը թուի հանգամանքը, որ Գերմանիան հեշտութեամբ  ընդունած է Հոլոքոստը:

Քոչարեան կը փաստէ, որ իրականութեան մէջ ատիկա եղած է հրէական համայնքի եւ միջազգային գերտերութիւններու ճնշմամբ: Հայագէտը կը յիշէ, որ դեռեւս խորհրդային տարիներուն, Պեռլինի մէջ երկար ժամանակ կը քննարկէին Հոլոքոստի զոհերու յիշատակին նուիրուած արձանի տեղադրումը, եւ հարցը անընդհատ կը ձգձգուէր ամենատարրական պատճառաբանութեամբ: «Այսինքն, այնպէս չէ, որ հարցը միանշանակ  ընդունուած է բոլորին կողմէ:

Հայաստանն ալ պէտք է կարենայ ճնշումներ գործադրել, պէտք է ներգրաւուի միջազգային կազմակերպութիւններուն, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ հասնիլ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման»,­ ըսաւ Քոչարեան: Հայագէտը կը շեշտէ, որ եթէ Պունտեսթագը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ատիկա շատ կարեւոր կ’ըլլայ, քանի որ Գերմանիան ԵՄ­ի խոշորագոյն պետութիւններէն մէկն է, եւ անոր ազդեցութիւնը շատ մեծ է: Բացի այդ, այդ կերպ Գերմանիան նաեւ պատասխանատուութեան իր մասնաբաժինը կը կրէ Հայոց ցեղասպանութեան համար: Գերմանիան ամենամեծ դեսպանատունը ունէր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ եւ 15 հիւպատոսարաններ խոշոր քաղաքներու մէջ: Ի վերջոյ, կան արխիւներ այն մասին, որ երբ տեղեկացուցած են, թէ հայերուն  ինչ կը  կատարուի, Պեռլինէն պատասխանած են. «Թուրքերը մեր կարեւոր դաշնակիցն են եւ պէտք է մնան մեզի հետ մինչեւ 1­ին համաշխարհային պատերազմի աւարտը»,­ կը յիշեցնէ Քոչարեան` աւելցնելով, որ Գերմանիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները պէտք է միայնակ չգործեն, անոնք պէտք է համախմբուին, ինչպէս գերմանացի մտաւորականներու, այնպէս ալ յոյներու, ասորիներու հետ եւ միասին բարձրացնեն Գերմանիոյ մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

Այս տարի Ապրիլ 23-­ին Պեռլինի Մայր տաճարին մէջ կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած պատարագ, որուն մասնակցած է նաեւ երկրի նախագահը: Պունտեսթագը մէկ անգամ քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը եւ բաւական երկար ելոյթներէ յետոյ բանաձեւի ընդունումը յետաձգած: Այնուհետեւ եւս երկու անգամ հաղորդագրութիւն տարածուեցաւ այն մասին, որ Պունտեսթագը կրկին կը յետաձգէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին բանաձեւի ընդունումը: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Պունտեսթագը 2005­ին ընդունած է բանաձեւ, ուր, սակայն, կը խօսի Օսմանեան կայսրութենէն տեղահանուած հայերուն մասին: Բանաձեւը չի պարունակեր «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը:

 

Scroll Up