Ֆրանսայի մէջ ծովափնեայ քաղաքի օղակաձեւ պուրակը անուանակոչուած է «Հայաստան 1915-2015»
Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի Վար բաժանմունքի Գաւալեր սիւղ Մեր ծովափնեայ քաղաքի օղակաձեւ պուրակը անուանակոչուած է «Հայաստան 1915-2015»: Հանդիսաւոր արարողութեան ֆրանսահայերէն բացի մասնակցած են Գաւալեր սիւղ Մերի եւ Լաւանտուի քաղաքապետները, «Սեն Թրոպէի կոլֆի հայերու միութիւն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, հայ ժողովուրդի բազմաթիւ ֆրանսացի բարեկամներ: Այս մասին կը յայտնէ NEWS.am-ը:
Օղակաձեւ պուրակի անուանակոչումէն քանի մը ժամ առաջ Սեն Լորէնի եկեղեցւոյ մէջ կաթոլիկ եւ առաքելական եկեղեցիներու հայրեր Ռոպէր Փամպելէի եւ Արշէն Մովսէսեանի ձեռամբ մատուցուած է հայոց Մեծ եղեռնի անմեղ նահատակներու հոգեհանգստի պատարագ, որ ուղեկցուած է Մարսէլի Պոմոն հայ առաքելական եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարումներով:
Այնուհետեւ պուրակի անուանակոչութեան առթիւ տրուած է հանդիսաւոր ճաշկերոյթ:
Ի դէպ, ընդամէնը 800 հայ բնակիչ ունեցող Գաւալեր սիւղ Մերիի մէջ հայկական համայնքի պատուին քաղաքի հէնց կեդրոնին մէջ` Միջերկրականի ափին, Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու դրօշներու կողքին վերջին տարիներուն կը ծածանի նաեւ հայոց եռագոյնը: