Արժանթինահայերը Բողոքի Ցոյց Կ’իրականացնեն Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ
Փետրուար 24-ին խումբ մը արժանթինահայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց կազմակերպած եմ Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ ու նամակ փոխանցած են` դատապարտելով դեսպանութեան «Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան հանգուցալուծումը ու ատոր հետեւանքները տարածաշրջանին համար» խորագիրով համագումարին իրականացման համար:
Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է, որ Պուէնոս Այրէսի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացումէն ի վեր այնտեղ բազմիցս իրականացուած են հանդիպումներ, որոնց նպատակը եղած է Կովկասի պատմութեան խեղաթիւրումը, Իլհամ Ալիեւի ռասիստական ու հակահայ յայտարարութիւններու տարածումը: Ատրպէյճանցի դիւանագէտները հրաժարած են վերցնել նամակը, կը յայտնէ Agencia Prensa Armenia-ն: Համագումարը կայացած է Սումկայիթեան ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրահաւաքէն երկու օր առաջ:
«Այդ համագումարը սադրանք է: Ատիկա մեզի ուժ կու տայ, նոր թափով շարունակելու մեր պայքարը»,-ըսած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած հանրահաւաքը տեղի կ’ունենայ փետրուար 26-ին: Յաջորդ օրը ցոյցը կը կրկնուի Մոնթեւիտէոյի մէջ:
PanARMENIAN.Net