Սիպիլի եւ Նունէ Եսայեանի համատեղ համերգը Նիւ Ճերսիի մէջ

Հոկտեմբեր 24-ին Նիւ Ճերսիի մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Նունէ Եսայեանի եւ պոլսահայ սիրուած երգչուհի Սիպիլի համերգը` “կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք” խորագիրով: Համերգին կը մասնակցին նաեւ Համազգայինի “Նայիրի” պարախումբը եւ “Արեգա” երգչախումբը:

“Այս հրաւէրը ինծի համար շատ մեծ պատիւ է եւ ուրախութիւն: Իսկ Նունէ Եսայեանի պէս հիասքանչ երգչուհիի հետ նոյն բեմին ելոյթ ունենալը մեծ յուզմունք կը պատճառէ ինծի,-“Հայերն այսօրի”- հետ զրոյցին ըսաւ Սիպիլը:

Եթէ Նունէ Եսայեանը պիտի կատարէ երգեր, որոնք պիտի ներկայացնեն 100 տարուան մեր անցած ճանապարհը (Ցեղասպանութեան ժամանակ գրուած երգեր, ոտքի կանգնելու երգեր, խաղաղ ժամանակներու` 60-70-ական թուականներ եւ Արցախեան յաղթանակի մասին երգեր), ապա պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը պիտի կատարէ իր երկու ալպոմներու մէջ ընգդրկուած երգերն ու հայրենասիրական մի քանի կատարումներ:

“Իւրաքանչիւր համերգի ժամանակ սիրտս յուզումով եւ ուրախութեամբ կը լեցուի: Ինծի համար նմանատիպ ձեռնարկներու ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկն ալ այն է, որ նոր մարդոց հետ կը ծանօթանամ: Համերգը կը վերջանայ, բայց ժողովուրդի եւ արուեստագէտներու միջեւ հաստատուած անքակտելի կապն ու սէրը միշտ թարմ կը մնայ”,- կը նշէ պոլսահայ երգչուհին:

Աւելցնենք, որ համերգը տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանային վարչութեան եւ Նիւ Ճերսիի եւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղերու աջակցութեամբ:

Scroll Up