Կու գայ Այն Օրը, Երբ Թուրքիան Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հրանոյշ Յակոբեան

ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի կողմէն հրաւիրուած “Աշխարհը առանց Ցեղասպանութիւններու” թեմայով լսումներուն այսօր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ կու գայ օր մը, երբ Թուրքիան կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ tert.am-ը։

“Գալու է մի օր, երբ Թուրքիան պատասխան կը տայ սահմանների փակ լինելու, Հայաստանին տնտեսապէս ճնշելու համար: Պէտք է Ցեղասպանութեան հետեւանք համարել այն, որ մի ամբողջ ազգ տառապանքի, մտորումների մէջ է, որ 100 տարուայ ընթացքում միլիոնաւոր զաւակներ չծնուեցին: Մենք կորցրել ենք ամէն ինչ: Մնացել են պատմական յիշողութիւնները”,- ըսած է ան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր ինքնութեան ճգնաժամ է, որովհետեւ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները այսօր կը յայտարարեն իրենց ազգութեան մասին ու կը պահանջեն ճանչնալ զայն:

Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, թէ պէտք է շարունակել պայքարը, որքան ալ դժուար ըլլայ եւ նկատեց, որ արդէն բանը հասած է այնտեղ, որ փաստաթուղթ ներկայացուած է մէճլիս` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Կանաչներու կուսակցութիւնը արդէն իսկ ճանչցած է զայն: “Մենք հաւատում ենք, որ առաջադէմ մարդիկ միանալու են մեր պայքարին”,- նշած է ան:

ելոյթի վերջում սփիւռքի նախարարը մէջբերեց Պարոյր Սեւակի «անլռելի Զանգակատունէ ստեղծագործութիւնից մի հատուած. «ա՛խ, ինչպէ՞ս, ո՞նց մոռանալ, արհաւիրքն այն օրերի. աշխարհում ով մոռանայ, ջուխտ աչքով թող քոռանայ…է:

Scroll Up