Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային հանրութեան բարոյական պատասխանատւութիւնը

“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ, Հաֆիզ Ապու Սաատան www.elwatannews.com կայքէջին մէջ կը գրէ՝

Երկար տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդը ըլլայ Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի ջանաց միջազգային ճանաչում ձեռքբերել հայերու բնաջնջման հարցով:

Ահա 100 տարի յետոյ Թուրքիան տակաւին կ՛ուրանայ այդ կոտորածներու եղելութիւնը Օսմանեան բանակին կողմէն…ան կը ներկայացնէ նուազ թիւեր, որ զոհերու թիւը չէ գերազանցած 300,000-ը: Թուրքիան կտրականապէս կը մերժէ իր պատասխանատւութիւնը նոյնիսկ բարոյական գետնի վրայ:

Այս կոտորածները իր դաժանութեան առումով նուազ չէին քան հրէական հոլոքոստը:

Միջազգային հանրութիւնը ճանչցաւ Գերմանիոյ կատարած յանձագործութիւնը, Գերմանիոյ կառավարութիւնը պարտադրաբար ընդունեց իր պատասխանատւութիւնը այդ ողբերգութեան համար եւ նոյնիսկ Պեռլինի մէջ յուշարձան կանքնեցուց ատոր համար եւ որոշում ընդունուեցաւ եւրոպական երկիրներուն մէջ քրէական պատասխանատւութեան ենթարկել հոլոքոստը ժխտողներուն:

Սակայն միջազգաին կազմակերպութիւններուն կողմէ մինչեւ այսօր չէ հրատարակուած որեւէ տեղեկագիր, որ կը դատապարտէ Թուրքիան հայերու բնաջնջման պատասխանատւութեան համար, նոյնիսկ միջազգային ամենամեծ եւ հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը՝ ՄԱԿ-ը չի կրեց պատասխանատւութիւն դատապարտելու Թուրքիոյ այս ցեղասպանութեան համար:

Գերմանիան մինչեւ այսօր կը հատուցէ նացիստական Գերմանիոյ կողմէ կատարուած հրեաներու դէմ հոլոքոստի զոհերուն, սակայն Թուրքիան նսեմացումով կը վարուի Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ, որ կատարուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ իշխանութեան օրօք:

Ամէնաահռելին այն է, որ Էրտողան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «կոտորածները կատարուեցան հոս եւ մենք պատրաստ ենք բանալու մեր արխիւները սակայն միւսներն ալ պէտք է բանան իրենց արխիւները»: Եւ սա ճիշդ տրամաբանութիւն չէ եւ չի համատասխաներ մարդու իրաւունքներուն եւ սկզբունքներուն:  Կարելի չէ արդարացնել կոտորածները այլ պէտք է դատապարտել բոլոր յանցագործութիւնները, մանաւանդ որ միջազգային օրէնքը հասած է զարգացման մեծ փուլի եւ հիմնադրած միջազգային քրէական գործերու հարցերով մնայուն դատարան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ կը պահանջուի Թուրքիայէն, որ բարոյական պատասխանատւութիւն կրէ եւ ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն իր նախնիներու՝ օսմանեան շրջանի ընթացքին հայերուն հանդէպ կատարուած դաժանութիւններուն համար:

Scroll Up