Ապրիլ 20-ին կը մեկնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու սկիզբը. արաբական մամուլ

“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ “Ալմուկազ”  արաբական կայքէջը կը գրէ, որ Ապրիլ 20-ին կը մեկնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու սկիզբը:

Այդ առիթով դոկդ. Արմէն Մազլումեան (Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնախումբի անդամ) պահանջեց Թուրքիոյ կառավարութենէն ճանչնալ եւ դատապարտել այդ ոճիրը, որ գործադրուեցաւ հայոց դէմ Օսմանեան կայսրութեան օրով: Պրն. Մազլումեան նաեւ դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ  շրջափակման արարքը եւ անոր թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի հանդէպ Միջազգային ատեաններու մէջ, իսկ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ ունենալու համար նախապայմաններ դնելը կու գայ տակաւին պատիժ սահմանուած չըլլալուն պատճառով:

Մազլումեան նաեւ կոչ ուղղած է «ՄԱԿ»ի անդամ երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր արդարադատ ժողովուրդներուն , որ միասնական ջանքերով վերականգնեն պատմութեան արդարութիւնը, յաւերժացներու հայոց զոհերու յիշատակը:

Այս ծիրէն ներս Եգիպտոսի նախագահութեան մամլոյ  խօսնակ` Ալաը Եուսուֆ ըսած է, որ  նախագահութիւնը տակաւին որոշում չէ կայացուցած Հայաստանի նախագահի հրաւէրքին`  նախագահ Ալ Սիսիի ընդառաջելուն շուրջ:

Scroll Up