Ցեղասպանութեան տարելիցի ձեռնարկները պիտի հեռարձակուին արբանեակով

Ապրիլ 22-24 Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նուիրուած բոլոր ձեռնարկները պիտի հեռարձակուին Eutelsat 10A կամ Eutelsat 7B արբանեակներու միջոցով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովէն կը յայտնեն, թէ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին մէջ հեռարձակում կազմակերպելու համար նոյնպէս կը տարուին աշխատանքներ: Ազդանշանի ընդունման տուեալները շուտով կը տեղադրուին կայքին մէջ:

Scroll Up