Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յանձնագիր` ուղղուած Նոր Զելանտիոյ կառավարութեան
Change.org կայքին մէջ յանձնագիր հրապարակուած է, ուր Նոր Զելանտիոյ կառավարութեան կոչ կ’ուղղուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը տեղեկացնէ Արցախփրէսը:
Նուազեցնելով, անտեսելով եւ անգամ մոռնալով այն փաստը, որ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւն յանցագործութիւնը, մենք ապագայ հիթլերներուն եւ թալէաթներուն կը քաջալերենք կատարել նոր յանցագործութիւններ եւ վստահ եղէք, որ անոնք նոյնպէս անպատիժ կը մնան»,- ըսուած է յանձնագիրին մէջ:
Նշենք, որ յանձնագիրը ստորագրողներէն մէկը եղած է Սերժ Թանկեան: Երաժիշտը նոյնպէս բոլորին կոչ կ’ուղղէ հետեւելու իր օրինակին եւ իր պլոկին վրայ հրապարակած է յանձնագիրը: