Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Կապուած Յարձակում Սկսած Է ԱՄՆ-ի Դէմ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/download11.jpg)
ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունումէն ետք Թուրքիան յարձակում սկսած է ԱՄՆ-ի դէմ:
ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ըստ թրքական turkishny.com լրատուական կայքին, Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ այդ նպատակով յատուկ խումբ մը ստեղծուած է, որու ղեկավար նշանակուած է վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալընը: Խումբը պէտք է ակադեմական եւ քաղաքական դաշտին մէջ հակագործողութիւն ծաւալէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին հետ կապուած հայկական սփիւռքի աշխատանքներուն դէմ: Թրքական կառավարութեան առընթեր այդ մարմինը կը ծրագրէ ամբողջ աշխարհի մէջ 1915 թ. վերաբերեալ «Ինչ եղած է իրականութեան մէջ» թեմայով հանրային քննարկումներ, գիտաժողովներ եւ հանդիպումներ իրականացնել: