Հայ Դատի Հանդիպումը Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Փերեզի Հետ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզի հեղինակած եւ ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի միաձայն վաւերացումէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարներ հանդիպում մը ունեցած են Փերեզի հետ, շնորհակալութիւն յայտնելու համար ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն անոր ցուցաբերած աջակցութեան:
Քննուած հարցերուն մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւած են Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ապահովումը, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ Քեսապի վրայ յարձակումը եւ շրջանի հայերուն տեղահանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած «Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկա» արշաւը, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ամերիկայի ցուցաբերած օժանդակութիւնը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութեան զաւակներուն:

«Խորապէս երախտապարտ ենք խորհրդարանի նախագահ Փերեզին, որ անցեալ աշնան Հայ Դատի յանձնախումբին հետ Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, յայտնապէս զգացուած՝ որոշեց անձամբ հեղինակել եւ ներկայացնել Ցեղասպանութեան բանաձեւը՝ յաւելեալ կշիռ տալով անոր: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ աւելի մանրամասնօրէն քննելու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս անոնք, որոնք կ՛առնչուին Արցախի եւ Քեսապի մեր եղբայրներուն», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան:

http://asbarez.com

0409anc-perez-300x293 0409ANCA-WR-Perez-4.7.14-300x225 0409ancA-300x168

Scroll Up