Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան. «Կարապալա» Խումբի Համերգ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին, երէկ` երեքշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու առաջին բաժինը` «Կարապալա» խումբի համերգը:

Համալսարանի «Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբ»-ին անունով խօսք առաւ Բիւզանդ Պալիոզեան, որ յայտնեց, թէ 99 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութեան օրերէն եւ տակաւին անոր յիշատակը դրոշմուած կը մնայ մեր մտքերուն մէջ: Ապա ան ներկայացուց «Կարապալա» խումբը, որուն անդամներն են` Հրակ Գարագաշեան, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Արամ Փափազեան, Սեպուհ Այնթապլեան եւ Ալին Նագաշեան:

Խումբը իրեն հետ իբրեւ հիւր նուագող ունէր Յակոբ Հարֆուշեանը:

1504garabala1

«Կարապալա» խումբը ներկաներուն ներկայացուց 16 երգերէ բաղկացած երգացանկ մը: Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, որուն ընթացքին ներկաները խմբուեցան մոմավառութեան արդիւնքով ձեւաւորուած «Ապրիլ 24» գրութեան շուրջ, ընթացքին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչիկ քհնյ. Միսիրեան Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին աղօթք կատարեց, որմէ ետք ներկաները «Հայր մեր» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով փակեցին ձեռնարկը:

Յայտնենք, որ նոյն ակումբին կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 17 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի «Ուեսթ Հոլ»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ բանախօսական երեկոյ` «Դէպի 100-ամեակ եւ անդին` Թուրքիան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթով:

www.aztagdaily.com

Scroll Up