ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԱՍԻՆ. «ՍՊԱՌԱԶԻՆՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ»

«Լը Մոնտ» օրա­թեր­թի առ­ցանց տար­բե­րակը, Հոկ­տեմբեր 17-ին, Փիոթր Սմո­լարի գրի­չէն՝ յօ­դուած մը նուիրած էր Ար­ցա­խի հա­կամար­տութեան եւ սպառազինութեան մրցումին: Նախ, ըսուածը այն է, որ լու­ծում մը չէ կնճի­ռը այս ձե­ւով՝ սա­ռեցուած պահ­պա­նել, քա­նի որ այդպէս ձգձգուած հար­ցե­րը կրնան վե­րսկսիլ սպասուածէն շատ աւելի բուռն կեր­պով: «Տա­րածաշրջա­նի դէ­տերը լա­րու­մի ան­նա­խադէպ աճի յատ­կա­նիշ­ներ կը նշմա­րեն, որոնք մտա­վախու­թիւննե­րու հիմք կը կազմեն զի­նուած հա­կամար­տութեան վե­րսկսման վե­րաբե­րեալ: Խօս­քը ոչ միայն փոխհրաձ­գութեան մա­սին է: Ազէր­պայճան կը մե­ղադ­րէ Հա­յաս­տա­նը սու­րիացի գաղ­թա­կան­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ բնա­կեց­նե­լով, ինչ որ ըստ Պա­քուի՝ կը հե­տապնդէ ժո­ղովրդագ­րա­կան կշի­ռը Հա­յոց ի նպաստ դարձնե­լու նպա­տակը: Ըստ Երե­ւանի՝ վեր­ջին եր­կու տա­րուան ըն­թացքին շուրջ 10 հա­զար սու­րիահայ ժա­մանած է եր­կիր, սա­կայն անոնք չեն հաս­տա­տուած Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ, ինչպէս կը պնդէ Պա­քու: Պա­տերազ­մի վերսկսման առըն­չուող մտա­վախու­թիւննե­րը կը բա­ցատ­րուին կող­մե­րու սպա­ռազին­ման մրցու­մով: Այս մրցու­մին մէջ՝ գլխաւորաբար քա­րիւ­ղի ար­դիւնա­բերու­թենէն նիւ­թա­կան մեծ աղ­բիւրնե­րու տիրացած Պա­քուն առա­ւելու­թիւն կ՚ար­ձա­նագ­րէ»,- կը գրէ յօ­դուա­ծագի­րը:

Սմո­լար կը շա­րու­նա­կէ՝ դիտել տա­լով, թէ մինչ 2003ին Ազէր­պայճա­նի ռազ­մա­կան ծախ­սե­րը կը կազ­մէին 163 մի­լիոն տո­լար, 2013ին անոնք ար­դէն հա­սած են 3,7 մի­լիառ տո­լարի: Գնած է շուրջ տաս­նեակ մը մար­տա­կան ուղղա­թիռ ու օդա­նաւ, հա­կօդա­յին ար­դիական հա­մակար­գեր, ժա­մանա­կակից հրա­սայ­լեր, հրե­տանա­յին հա­մակար­գեր, որոնք կրնան քան­դել հա­կառա­կոր­դի որե­ւէ կէտ: 2012ին Պա­քու Իս­րա­յէլէն գնած է նաեւ 60 անօ­դաչու սարք»: Գրու­թեան հե­ղինա­կը դեռ կը նշէ, թէ աւե­լի ուշ Իլհամ Ալիեւ յայ­տա­րարած է, որ մտա­դիր է շուրջ 3 մի­լիառ տո­լարի սպա­ռազի­նու­թիւն եւս գնելու, այս ան­գամ՝ Հա­րաւա­յին Գո­րէայէն, նե­րառեալ մար­տա­կան, ընդծո­վեայ նա­ւեր եւ շար­ժա­կան հրե­տանա­յին սար­քեր: Սա­կայն Սէուլ չէ ըն­դունած՝ չփա­փաքե­լով նպաս­տել լա­րու­մի աճին: Զու­գա­հեռա­բար, Հա­յաս­տան ալ աւել­ցուցած է իր ռազ­մա­կան պիւտճէն 25 տո­կոսով, զայն հասցնե­լով 450 մի­լիոն տո­լարի:

«Մի­ջազ­գա­յին տագ­նա­պի խումբին Սեպ­տեմբեր 26-ին հրա­պարա­կած տե­ղեկագ­րին մէջ կըսուի, որ իրա­վիճա­կը տա­րածաշրջա­նին մէջ «կը թուի ան­կանխա­տեսե­լի, փխրուն եւ պայ­թուցիկ»,- կը գրէ հե­ղինա­կը ու կ՚եզ­րա­կաց­նէ. «Երե­ւան իր ընտրու­թիւնը կա­տարեց Եւ­րո­պական Միու­թեան եւ Մաք­սա­յին Միու­թեան մի­ջեւ: Պատ­ճա­ռը ոչ թէ Մոս­կուայի ճնշու­մը կամ արագ տնտե­սական շահն է, այլ այդ փոքր երկրին հիմ­նա­կան մտա­վախու­թիւնը` ապա­հովու­թիւնը: Հա­զարա­ւոր ռուս զի­նուո­րական­նե­ր ներ­կա­յ են իր հո­ղին վրայ, ռու­սա­կան զէն­քի առա­քումնե­րը հա­մեմա­տաբար աժան են, Ռու­սաստա­նի հետ սերտ եւ բա­րեկա­մական յա­րաբե­րու­թիւննե­ր ունի, Ռուսաստան նաեւ կը ներկայացնէ պաշտպա­նու­թեան երաշ­խիքներ, ներառեալ՝ Պաքուի հետապնդած նպա­տակ­նե­րուն դէմ­»,- կեզ­րա­փակէ Սմոլար:

«Նոր Յառաջ» 

 

Scroll Up