ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԱՍԻՆ. «ՍՊԱՌԱԶԻՆՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ»
«Լը Մոնտ» օրաթերթի առցանց տարբերակը, Հոկտեմբեր 17-ին, Փիոթր Սմոլարի գրիչէն՝ յօդուած մը նուիրած էր Արցախի հակամարտութեան եւ սպառազինութեան մրցումին: Նախ, ըսուածը այն է, որ լուծում մը չէ կնճիռը այս ձեւով՝ սառեցուած պահպանել, քանի որ այդպէս ձգձգուած հարցերը կրնան վերսկսիլ սպասուածէն շատ աւելի բուռն կերպով: «Տարածաշրջանի դէտերը լարումի աննախադէպ աճի յատկանիշներ կը նշմարեն, որոնք մտավախութիւններու հիմք կը կազմեն զինուած հակամարտութեան վեր–սկսման վերաբերեալ: Խօսքը ոչ միայն փոխհրաձգութեան մասին է: Ազէրպայճան կը մեղադրէ Հայաստանը սուրիացի գաղթականները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակեցնելով, ինչ որ ըստ Պաքուի՝ կը հետապնդէ ժողովրդագրական կշիռը Հայոց ի նպաստ դարձնելու նպատակը: Ըստ Երեւանի՝ վերջին երկու տարուան ընթացքին շուրջ 10 հազար սուրիահայ ժամանած է երկիր, սակայն անոնք չեն հաստատուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս կը պնդէ Պաքու: Պատերազմի վերսկսման առընչուող մտավախութիւնները կը բացատրուին կողմերու սպառազինման մրցումով: Այս մրցումին մէջ՝ գլխաւորաբար քարիւղի արդիւնաբերութենէն նիւթական մեծ աղբիւրներու տիրացած Պաքուն առաւելութիւն կ՚արձանագրէ»,- կը գրէ յօդուածագիրը:
Սմոլար կը շարունակէ՝ դիտել տալով, թէ մինչ 2003ին Ազէրպայճանի ռազմական ծախսերը կը կազմէին 163 միլիոն տոլար, 2013ին անոնք արդէն հասած են 3,7 միլիառ տոլարի: Գնած է շուրջ տասնեակ մը մարտական ուղղաթիռ ու օդանաւ, հակօդային արդիական համակարգեր, ժամանակակից հրասայլեր, հրետանային համակարգեր, որոնք կրնան քանդել հակառակորդի որեւէ կէտ: 2012ին Պաքու Իսրայէլէն գնած է նաեւ 60 անօդաչու սարք»: Գրութեան հեղինակը դեռ կը նշէ, թէ աւելի ուշ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ մտադիր է շուրջ 3 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն եւս գնելու, այս անգամ՝ Հարաւային Գորէայէն, ներառեալ մարտական, ընդծովեայ նաւեր եւ շարժական հրետանային սարքեր: Սակայն Սէուլ չէ ընդունած՝ չփափաքելով նպաստել լարումի աճին: Զուգահեռաբար, Հայաստան ալ աւելցուցած է իր ռազմական պիւտճէն 25 տոկոսով, զայն հասցնելով 450 միլիոն տոլարի:
«Միջազգային տագնապի խումբին Սեպտեմբեր 26-ին հրապարակած տեղեկագրին մէջ կ’ըսուի, որ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ «կը թուի անկանխատեսելի, փխրուն եւ պայթուցիկ»,- կը գրէ հեղինակը ու կ՚եզրակացնէ. «Երեւան իր ընտրութիւնը կատարեց Եւրոպական Միութեան եւ Մաքսային Միութեան միջեւ: Պատճառը ոչ թէ Մոսկուայի ճնշումը կամ արագ տնտեսական շահն է, այլ այդ փոքր երկրին հիմնական մտավախութիւնը` ապահովութիւնը: Հազարաւոր ռուս զինուորականներ ներկայ են իր հողին վրայ, ռուսական զէնքի առաքումները համեմատաբար աժան են, Ռուսաստանի հետ սերտ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի, Ռուսաստան նաեւ կը ներկայացնէ պաշտպանութեան երաշխիքներ, ներառեալ՝ Պաքուի հետապնդած նպատակներուն դէմ»,- կ’եզրափակէ Սմոլար:
«Նոր Յառաջ»