Մարսէլի քաղաքապետարանի շէնքի ճակատին անմոռուկներով երկու հսկայ պաստառ
Nouvelles d`Armenie-ի փոխանցմամբ` պաստառներու բացման արարողութեան ներկայ եղած են Մարսէլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտէն, Նիսի քաղաքապետ Քրիստիան Էստրոսին, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ռենօ Մուսելիէն, Մարսէլի քաղաքապետի տեղակալ Տիտյէ Փարաքեան եւ այլք: Կը յայտնէ Artsakhpress-ը:
Իր ելոյթին մէջ Ժան Քլոտ Կոտէն յիշեցուցած է, որ եղած է այն գործիչներու շարքին, որոնք պայքարած են Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու համար, ինչն ալ տեղի ունեցած է 2001 թուականին: Ան նաեւ անդրադարձած է Վալերի Պուայէի ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին եւ կոչ ըրած շարունակել պայքարը Ֆրանսայի սահմանադրութեան համապատասխանող նոր օրէնքի ընդունման համար: Կոտէն նաեւ կոչ ըրած է Թուրքիոյ` թարմացնել յիշողութիւնն ու ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մարսէլի քաղաքապետի այս կոչին հետեւած են ներկաներու
բուռն ծափահարութիւնները: Յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին Մարսէլը կ’ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը խորհրդանշող գոյներով: