Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ոգեկոչումը Քեսապի Մէջ.լուսանկարներ

Այսօր առաւօտեան ժամը 11-ին Քեսապի Ս. Երրորդութիւն հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ քեսապահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ապա ժողովուրդը ծակոպսակներով ուղեւորուեցաւ դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուցաւ հայ նահատակուներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Մարտ 21-ին ահաբեկչներու կողմէ Քեսապի գրաւումի ընթացքին կրակի տրուած էր Ս. Երրորդութիւն հայ աւետարանական եկեղեցին:

q1q2q3q4q5

Scroll Up