«Ակունք» Պարախումբի Ելոյթը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

Հայոց ցեղասպանութիւն… 2015 թուական. խորհուրդ, որ ինքնին ներծծուած ու դարձած է մեր կենսակերպի ամենակարեւոր տարրը: Ու մեզմէ իւրաքանչիւրը այդ ապրումը կը ցանկայ դրսեւորել իւրովի, իբրեւ բարձրակոչ խօսք, միտք ու ցասում…
«Ակունք» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Կարինէ Մանուչերեանի ստեղծագործ հայեացքէն անկասկած չէր կրնար վրիպիլ այս կարեւոր իրողութիւնը ու այդ պրպտող մտքի արգասիքն էր, որ երէկ` Մարտ 4-ի երեկոյեան Հայ ակումբի սրահին մէջ բեմ բարձրացաւ «Ճանապարհ» խորագիրով իւրովի ստեղծագործութիւն` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, «Հայերն այսօրը» այս մասին կը տեղեկանայ «Ալիք» օրաթերթէն:
Պարախումբի ամէն մէկ բեմադրութիւն անխօս արտացոլումն էր եղեռնեան ու յետեղեռնեան մեր պատմութեան իւրաքանչիւր ժամանակահատուածի` ազգի կոտորած, վերյառնում, պայքար եւ յաղթանակ:
Գեղարուեստական ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի եւ Թ. Հ. Թ. 100-ամեակի յանձնախումբի: Բացման խօսքէն ետք` ասմունքեց Նայիրի Տիլանեան, որ սաներու պարին միախառնեց խօսքի «բանահիւսութեան» ելեւէջը…

Գարուն էր չեկած ամառ, փուլ եկաւ երկնակամար…

Բեմին վրայ «Ակունք»-ի սաներն են, որոնք բացառիկ ճկունութեամբ երբեմն նազանքով, երբեմն պայքարի ոգին վերհանելով տառին ու ոգիին յատուկ բեմ կը բարձրացնէին իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն:
Ձեռնարկին աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ արտայայտուելու «Ալիք» օրաթերթի տնօրէն Արա Շահնազարեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւոր հիմնասիւնը համարելով ազգային միասնականութիւնը, շեշտեց, որ նոյն ոգով պէտք է շարունակել պայքարի ճանապարհը:
Աւարտեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած եւս մէկ ձեռնարկ, այն իր խորքին մէջ իւրովի խօսք էր ու մեկնաբանում «գալիք» ճանապարհի:

Scroll Up